«Բառերու Եւ Նկարներու Մեծ Գիրքը» Մանկական Պատկերազարդ Գունաւոր Հատորը Արեւմտահայերէն

Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Զրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Վերջերս Փարիզի «Քոթոթ» հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ Օլը Քէօննըքըի հեղինակած «Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը» մանկական պատկերազարդ գունաւոր հատորի արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը` Շաղիկ եւ Յասմիկ Շահինեաններու աշխատանքով:

Գեղեցիկ տպագրութեամբ այս գիրքին մէջ տեղ գտած են մանուկին ու պատանիին անմիջական կեանքին վերաբերող իրերու, հիմնական թիւերու, գոյներու, անասուններու նկարներն ու բացատրութիւնը:  Գիրքին ետեւի կողքին վրայ մօտաւորապէս կը բացատրուի բովանդակութիւնը.

«Ինչե՜ր կան այս գիրքին մէջ… Տունը` իր սենեակներով եւ զանազան առարկաներով, դուրսի աշխարհը` ինքնաշարժներով, օդանաւերով եւ նաւերով, բնութիւնը` բոյսերով եւ կենդանիներով: «Կան նաեւ երաժշտութիւն նուագողներ եւ մարզանք ընողներ, կամ խաղավայրին մէջ խաղացողներ… Ամբողջ մանկական աշխարհ մը` պահուըտած պատմութիւններով եւ հաճելի անակնկալներով»:

Գիրքին նպատակն է մանուկին տրամադրութեան տակ դնել իր կեանքի առաջին բառամթերքին արեւմտահայ բառերը` համապատասխան հետաքրքրական նկարներով:

Գիրքին բնագիրի հեղինակ Օլը Քէօննըքըն ծնած է 1961-ին: Մանկութիւնը անցուցած է Շուէտի մէջ եւ հիմա կ’ապրի Համպուրկ (Գերմանիա): 1990-էն ի վեր աւելի քան 30 գիրքեր նկարազարդած եւ արժանացած է գերմանական եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու:

Իր ստեղծած «Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը» (Das große Buch der bilder und Wörter) գործը թարգմանուած է` անգլերէնի, պարսկերէնի, քաթալոներէնի, չինարէնի, քորէական լեզուի, դանիերէնի, սպաներէնի, ֆիններէնի, ֆրանսերէնի, եբրայերէնի, իտալերէնի, հոլանտերէնի, նորվեկերէնի, լեհերէնի, ռուսերէնի, շուէտերէնի եւ հիմա` հայերէնի, իւրայատուկ պատշաճեցումով:

Այս աշխատութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ գիրքի թագմանիչներէն Յասմիկ Շահինեանին հետ: Ան նկատել տուաւ, թէ հայերէն թարգմանութիւնը ենթակայ եղաւ մասնաւոր պատշաճեցումի, այսինքն իրենք իրաւունք ուզած են հեղինակէն` Օլը Քէօննըքըէն, որոշ փոփոխութիւններ կատարելու, ինչպէս, օրինակ, երաժշտական գործիքներու էջը փոխելու, որպէսզի մէջը հայկական գործիքներ ալ ներառուին, ինչպէս` շուին, տհոլը, զուռնան: Ասոր նպատակը այն էր, որ գիրքը յարմարի հայ մանուկին եւ աւելի նմանի անոր իրականութեան, քան` եւրոպականին: Ան ըսաւ, որ այբուբենը բովանդակող էջերու պարագային եւս իրաւունք ուզած են Օլը Քէօննըքըէն` հայերէն մեր այբուբենը դնելու, եւ ան ընդունած է: Պատկերազարդու. պատշաճեցումը` հայոցլեզուի, կատարած է Խաժակ Աբէլեան, եւ Օլը Քէօննըքըն շատ հաւնած է տարուած աշխատանքը եւ նոյնիսկ շնորհաւորած է զիրենք, ինչ որ շատ չի պատահիր եւրոպական իրականութեան մէջ:

Յասմիկ Շահինեան բացատրեց, որ գիրքը մանուկներուն յատուկ է, մտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած է այնպիսի ձեւով, որ մանուկը դիւրին ընկալէ, գծանկարները նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ գծուած են, որպէսզի նաեւ որեւէ ձեւով մանուկին չվնասեն: Գիրքը կը հետեւի յատուկ եւրոպական օրէնքներու եւ եղած է, որպէսզի փոքր տարիքէն հայ մանուկը ծանօթանայ առարկաներուն եւ հայերէնը գիտնայ: Այսինքն ծնողք մը, երբ գիրքը ցոյց կու տայ եւ բառերը կ՛ըսէ, մանուկը արդէն այդ բառերը կը սորվի: Նման գիրք մը չկայ արեւմտահայերէնով, եւ անոր համար կարիքը զգացած են այդ աշխատանքը տանելու, որպէսզի մանուկները ծանօթանան հայերէն բառերու, եւ երբ փոքր տարիքէն անոնք սորվին, այդ բառերը արդէն անոնց  բառապաշարին մաս կը կազմեն, անոնց բառապաշարը կը ճոխանայ նոր բառերով, նոր կացութիւններ կը տեսնէ գիրքին մէջ, կ՛երեւակայէ, թէ տուեալ բառին կացութիւնը ի՛նչ է: Այս բոլորը նկատի ունենալով` շատ կարեւոր համարած են  նման գիրքի մը գոյութիւնը: Շահինեան ըսաւ, որ այս գործը մէկ տարուան աշխատանքի արդիւնք է` աւելցնելով, որ մասնագէտներ, իրենց կարգին, վերանայած են գիրքը, որպէսզի ամէն ինչ ուսումնասիրեն, եւ գիրքը վերջնական հունին մէջ մտնէ: Ան յայտնեց, թէ գիրքը տպուած է Փարիզի մէջ, բայց ամբողջ սփիւռքի մէջ տարածուած է եւ ըսաւ, որ կայ հետաքրքրական երեւոյթ մը` որեւէ գաղութի մէջ կարելի է զայն գործածել, որովհետեւ փոքրերը նոյն բառերը պիտի սորվին եւ հասարակաց յայտարար մը պիտի ըլլայ բոլորին միջեւ:

Յայտնենք, որ Լիբանանի մէջ «Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը» կրնաք ստանալ Համազգայինի գրախանութէն:

Իր արտաքին տեսքով, տպագրութեամբ, գոյներով հետաքրքրութիւն ստեղծող այս գիրքը նաեւ հարուստ է բովանդակութեամբ, սովորական բառերու կողքին, նոր բառերու թարգմանութիւններ կան հոն, ինչ որ հայ մանուկներուն համար օգտաշատ ու հաճելի պիտի ըլլայ միաժամանակ: