Չինաստանէն Սիւնիք Եւ Նախընտրական Հայաստան․ «Ազդակ»
Խմբագրական
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Չինաստան կը մեկնի, առանց լուծած ըլլալու Իրանի հետ իր հակամարտութիւնը: Ճիշդ է, որ լայնածաւալ գործողութիւնները դադրած են, մեծ հաշուով հրադադարը կը պահպանուի սահմանափակ ծովային գործողութիւններով հանդերձ, այդուհանդերձ համաձայնութիւնը չէ գոյացած, եւ միջնորդաւորուած բանակցութիւնները կը շարունակուին: Չկայ Հորմուզի շուրջ ընդհանուր գործարք, ինչ որ անլոյծ կը պահէ հակամարտութիւնը եւ կ՛արգելակէ համաձայնագիրի արձանագրումը:
Փեքինեան հանդիպումի օրակարգերու հիմնական կէտերն են, Իրանի հիմնախնդիրէն բացի, բարձր արհեստագիտական չիփերու վաճառքի սահմանափակումները, Թայուանին զէնքի մատակարարման հարցը եւ երկկողմ առեւտրական պակասորդի (տեֆիսիթ) կրճատման կարելիութիւնները:
Օրակարգի այս կէտերը հետեւցուած են Թրամփի Փեքին ուղեւորուելէն առաջ կատարած յայտարարութենէն, առ այն, որ Չինաստանի առաջնորդին հետ պիտի քննարկէ առեւտրական յարաբերութիւններու եւ Թայուանի, ինչպէս նաեւ «հոյակապ երկիր Իրանի հետ կապուած հարցեր»:
Հարցերը ունին փոխկապակցուածութեան երեւելի գործօններ: Չինաստանը պիտի ակնկալէ ստանալ համաձայնութիւն, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չճանչնան Թայուանի անկախութիւնը կամ պիտի սահմանափակեն իրենց կողմէ տրուող սպառազինութիւնը, մինչ Ուաշինկթըն փոխարէնը պիտի պահանջէ Չինաստանի միջամտութիւնը, որպէսզի Իրան ենթարկուի ամերիկեան պահանջներուն: Փոխանակման այս առեւտուրէն կախեալ կ՛ըլլայ նաեւ Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտրական կապերու ընդլայնման խնդիրը, այլ խօսքով` դարձեալ Չինաստանի կողմէ ամերիկեան ընկերութիւններուն ներդրումային դաշտ տրամադրելու կարելիութիւնը:
Եթէ ընդունինք օրակարգերու այս փոխկապակցուածութիւնը, ապա կրնանք հետեւցնել, որ Չինաստանի ձեռքը աւելի կը հաշուեն խաղաթուղթերը, քան Միացեալ Նահանգներունը:
Շարունակենք չինական պրիսմակով դիտարկել իրադարձութիւնները եւ անմիջապէս նշենք, որ պաշտօնական Մոսկուան կը յայտնէ այն մասին, որ շուտով կը սպասուի Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին այցելութիւնը Չինաստան: Ակնկալելի էր այս մէկը, նկատի ունենալով ռազմավարական գործընկերութեան տարողութիւնը Փեքինի եւ Մոսկուայի միջեւ: Միացեալ Նահանգներու հետ կայացած կամ չկայացած համաձայնութիւններու համապատկերին երկու առաջնորդները պիտի վերաքննարկեն իրավիճակը եւ իրենց առնելիք քայլերուն համակարգումի ուղիները:
Ուշագրաւը այն է, որ Չինաստան կատարուած այցելութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր Մոսկուա կատարելիք իրենց գործուղումը: Այս կարելիութեան մասին հաստատում ընելը կ՛ենթադրէ, որ փեքինեան հանդիպումներուն օրակարգ է նաեւ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները, Ալասքայի հանդիպման շարունակումը, հետեւաբար նաեւ Ուքրանիոյ հետ Ռուսիոյ հակամարտութեան օրակարգը:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով կարելի է ենթադրել, որ յատկապէս մեծ առեւտուրներու համապատկերին ենթաօրակարգ կրնայ գրանցուիլ նաեւ Միջին միջանցքի վերանայման հարցը` ելակէտ ունենալով Չինաստանը: Ահա այստեղ է, որ Սիւնիքով բացուելիք ուղիներու կարգավիճակին կրնան ներգրաւուիլ առնչակից պետութիւններ: Եւ եթէ կ՛ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա ոչ միայն անիմաստ, այլեւ ընտրական շահարկումի նշանակութիւն կ՛ունենան Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն այն պնդումները, որ ընդդիմութեան բարձրացուցած հարցը ԹՐԻՓՓ-ը վերանայելու, պատերազմի ազդարարում է:
Միջին միջանցքը համաշխարհային տնտեսակէտ է. տարբեր ուժերու առնչուիլը կամ նոր կարգավիճակի շուրջ համաձայնութիւնը կայունութեան նպաստող մօտեցում է. այդ վերանայման բացարձակ դէմ դիրքորոշուիլն ու առնչուած պետութիւններու ներգրաւումը արգելակելն են խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացին դէմ ձեռնոց նետելը:
