Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Նշուեցաւ Համբարձման Տօնը
Մայիս 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:
Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանէն ու Սփիւռքէն թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ եւ բազում ուխտաւոր հայորդիներ:
Իր քարոզին մէջ պատարագիչ Մուշեղ եպիսկոպոսը, անդրադառնալով տօնի խորհուրդին, նշեց, որ Քրիստոսի Համբարձումը ականատեսներու վկայութեամբ հաստատուած իրողութիւն է, երբ երկինքն ու երկիրը կը միաւորուին մէկ տեսիլքի մէջ, եւ հաւատաւոր ժողովուրդը վերստին կը զգայ Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ:
«Աւետարանիչների կենդանի նկարագրութեամբ մենք տեսնում ենք, թէ ինչպէս է Քրիստոս մարմնով հեռանում երկրից, բարձրանում երկինք ու անհետանում ամպերի մէջ։ Մարդկայնօրէն կարող է թուալ, թէ մենք մնացինք մենակ՝ մեր հոգսերին, մեր ցաւերին ու մեր առօրեայ դժուարութիւններին դէմ յանդիման։
Բայց… Համբարձման իրական պատգամը լրիւ հակառակն է։ Համբարձումը բաժանումի մասին չէ, այն մարդկային բնութեան փառաւորման պատմութիւնն է։ Քրիստոս չհեռացաւ, որ մեզ լքի, այլ համբարձուեց, որպէսզի լինի ամենուր եւ ամենքիս հետ»,- նշեց Մուշեղ եպիսկոպոսը՝ աւելցնելով, որ Յիսուս Քրիստոսի համբարձումը քրիստոնէական հաւատքի կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է, որմով կը բացայայտուի մարդու փրկագործութեան ամբողջական պատկերը։
Խօսելով փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ժամանակ Աստուած որոնելու մարդու ներքին ձգտման մասին՝ Սրբազան Հայրը ընդգծեց․ «Յաճախ Աստծուն փնտռում ենք հեռուներում, մինչդեռ Նա ներկայ է մեր առօրեայի ամենափոքր թուացող պահերի մէջ։
․․․Աստուած սիրում է մարդուն՝ մարդու միջոցով։ Արդ, չփնտռե՛նք Աստծուն միայն հրաշքների մէջ։ Փնտռե՛նք Նրան համբերութեան, ներողամտութեան եւ սիրոյ մէջ։ Եւ կը տեսնենք, որ մեր Տէրը երբեք մեզ չի լքել, Նա այստեղ է՝ մեր մէջ, մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Աստծուն գտնելու համար պէտք չէ փախչել իրականութիւնից, պէտք է Աստծուն փնտռել իրականութեան մէջ»։
Պատարագիչ Սրբազանը անդրադարձ կատարեց նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը Սիս քաղաքէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փոխադրելու պատմական իրողութեան՝ հաստատելով, որ Սուրբ Էջմիածինը Աստծոյ եւ մարդու հանդիպման տեսիլքն է, որուն միջոցով եւ ուր հայ մարդը, Միածնի էջքով առաջնորդուած, կը գտնէ իր հոգիի փրկութեան ճանապարհը։
«Կաթողիկոսական Աթոռի վերադարձով, Սուրբ Էջմիածինը հայրենիքի ու պետականութեան յիշողութիւնը դարձրեց իրական եւ ապրող նպատակ, որից ծնուեցին հաւաքական պատասխանատուութեան, ազգային միասնականութեան գիտակցութիւնը եւ ազատագրական պայքարի տարբեր նախաձեռնումներ։
․․․Սուրբ Էջմիածինը դարձաւ այն առանցքը, որի շուրջ համախմբուեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը։ Միասնական ազգային, հոգեւոր, մշակութային կեդրոնի շնորհիւ հայ ժողովուրդը պահպանեց իր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը եւ քանի դեռ պետականութիւնը բացակայում էր, Մայր Աթոռը ստանձնեց պետութեան գործառոյթներ՝ առանց նրան փոխարինելու հաւակնութեան»,- ըսաւ Մուշեղ Սրբազանը՝ ընդգծելով, որ Սուրբ Էջմիածինը հայ ժողովուրդի դարերով բաբախող սիրտն է, ուր խտացուած է հայու աղօթքը, հաւատքը, պատմութիւնը, յարութեան յոյսը եւ Աստուծոյ առաջ կանգնելու արժանապատուութիւնը։ Այդ սիրտը խոցել կը նշանակէ խոցել ժողովուրդին հաւատքը, յիշողութիւնը, միասնութիւնը։
Աւարտին պատարագիչ Սրբազանը յորդորեց ներկաները իրենց հայեացքը դէպի երկինք բարձրացնել ոչ թէ հեռաւորութիւնը չափելու, այլ յոյսով ապրելու համար, քանզի Քրիստոս մեզ հետ է՝ մեր Եկեղեցւոյ մէջ, մեր աղօթքի մէջ, մեր ժողովուրդի խաչակիր ճանապարհի մէջ, Սուրբ Էջմիածնի անլռելի զանգերուն մէջ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Տաճարի Սուրբ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք: Արարողութեան ընթացքին հոգեւոր դասը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան ու շենացման համար։
