ԵՄ-ն Կրնայ Վճռորոշ Դեր Ունենալ պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցով․ Յայտարարութիւն
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթային.
«Յարգելի տիկին ֆոն տէր Լէյեն, յարգելի պարոն Քոսթա,
Հայաստանը յառաջիկային պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գագաթնաժողովը: Այս միջոցառումներուն ծիրէն ներս ձեր յառաջիկայ այցը մեր երկիր ողջունելի է: Վստահ ենք, որ այս միջոցառումները աւելի պիտի ամրապնդեն Հայաստան – Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւնները եւ իսկապէս պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան, բարգաւաճման ապահովման ուղղութեամբ յառաջընթացին:
Այս նամակով մենք, ներքոստորագրեալ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններս, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք կարեւոր մարդասիրական խնդրի՝ պաքուի մէջ տակաւին պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման վրայ: Հակառակ հայ գերիները անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակելու մասին միջազգային տարբեր կառոյցներու, ինչպէս՝ 2025թ. Մարտ 12-ին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձին մէջ արտացոլուած պահանջին, ազրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահել 19 հայ գերիներ եւ տառապանքներ պատճառել անոնց ընտանիքներուն: Դուք այսօր կը ղեկավարէք կառոյց մը, որուն համար մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մարդասիրական հարցերը անկիւնաքարային նշանակութիւն ունին: Ու հենց այս կարեւոր արժէքներու պահպանումը, իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքն է այն հիմքը, որ թոյլ կու տայ կայուն խաղաղութիւն հաստատել: Մենք կը գնահատենք Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին ուղղուած Եւրոմիութեան ջանքերը եւ կ՝ակնկալենք ձեր աշխոյժ աջակցութիւնը հայ գերիներու անյապաղ վերադարձը հնարաւոր դարձնելու հարցով:
Մենք, ներքոստորագրեալ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններս, համոզուած ենք, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով: Ակնյայտ է, որ Հայաստանի հանրութեան համար ազրպէյճանի խաղաղութեան խոստումները արժանահաւատ չեն կրնար հնչել, քանի դեռ այնտեղ կը պահուին ու տառապանքներու կ՝ենթարկուին հայեր: Ուստի կը դիմենք ձեզ եւ եւրոպական բոլոր երկիրներու առաջնորդներուն՝ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի ազատազրկուած հայ գերիները հնարաւորինս շուտ ազատ արձակուին եւ վերամիաւորուին իրենց ընտանիքներուն հետ: Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ Եւրոպական միութիւնը կրնայ իրականութեան մէջ աջակցիլ այս հրատապ մարդասիրական խնդրի լուծման եւ վերջ դնել բազմաթիւ հայ ընտանիքներու տառապանքներուն։
«Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» ՀԿ
«Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» ՀԿ
Թրանսփարենսի Ինթերնեշնլ հակակոռուպցիոն կեդրոն
«Հայ առաջադէմ երիտասարդութիւն» ՀԿ
Հելսինկեան քաղաքացիական ասամպլէայի Վանաձորի գրասենեակ
«Համայնքային համախմբման եւ աջակցութեան կեդրոն» ՀԿ նախագահ
«Հանրային լրագրութեան ակումբ» ՀԿ
Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամ
«Ուղղակի ժողովրդավարութիւն» ՀԿ
Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային կեդրոն
«ՄԵՆՔ» Լոռիի մարզի երիտասարդական ՀԿ
ԻՆԵԴՆԵԹ Տեղեկատուութեան եւ կրթութեան զարգացման ցանց ՀԿ
«Իրաւունքի կեդրոն» ՀԿ
«Արագած հովիտ» ՏԱԽ)
«Հելսինկեան ասոցիացիա» իրաւապաշտպան ՀԿ
«Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց իրաւունքներու օրակարգ» ՀԿ
«Յանուն հաւասար իրաւունքներու» ՀԿ
«Խաղաղութեան երկխօսութիւն» ՀԿ
«Առաքելութիւն Հայաստան» ԲՀԿ
«Արդարութեան նոր մշակոյթ» ՀԿ
«Լրագրողներ յանուն մարդու իրաւունքներու» ՀԿ
Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէ
«Արցախ միութիւն» ՀԿ
«ՀԱՒԱՍԱՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ» սոցիալական, երիտասարդական ՀԿ
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ
«Արցախից Արցախ» տեղեկատուական, վերլուծական, հետազօտական, փաստաբանական կեդրոն ՀԿ»։
