Երեւանի Գագաթնաժողովէն Առաջ՝ Հայաստանեան Վեց Կուսակցութիւններ Նամակ Յղած են ԵՄ-ին

Աշխարհ, Հայաստան

Մայիս 4-5-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի (ԵՔՀ) գագաթնաժողովէն առաջ, եւրոպական քաղաքական ընտանիքներու անդամ վեց հայկական կուսակցութիւններ համատեղ նամակով դիմած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ գագաթնաժողովին մասնակցող պետութիւններու ու կառավարութիւններու առաջնորդներուն՝ բարձրաձայնելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական նահանջի, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ արցախահայութեան վիճակին վերաբերող մտահոգութիւններ։

Նամակը ստորագրած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, Հայ Ազգային Քոնկրէսը (ՀԱԿ), ինչպէս նաեւ Եւրոպական Ազատ Դաշինքի անդամ՝ Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը։

Նամակը ուղղուած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթային, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյենին, ինչպէս նաեւ ԵՔՀ գագաթնաժողովին մասնակցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն։

Ստորագրողները կը շեշտեն, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն միջազգային ասպարէզին մէջ ներկայացնել ժողովրդավարական յառաջընթացի պատկեր, մինչ իրականութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ իշխանութեան կեդրոնացում, հաստատութենական հակակշիռներու թուլացում եւ իրաւապահ ու դատական համակարգերու քաղաքական գործիքաւորում։

Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ այս պայմաններուն մէջ ԵՔՀ գագաթնաժողովի կայացումը Երեւանի մէջ կրնայ ստեղծել «վտանգաւոր քաղաքական ուղերձ», թէ ժողովրդավարական նահանջը կրնայ անտեսուիլ քաղաքական նպատակայարմարութեան հիման վրայ։

Կուսակցութիւնները կը մատնանշեն շարք մը խնդիրներ, որոնցմէ են՝ ժողովրդավարական ցուցանիշներու վատթարացումը՝ յղում կատարելով միջազգային կազմակերպութիւններու գնահատականներուն, քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուած անձանց առկայութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ պետական ճնշումները, ինչպէս նաեւ մամուլի ազատութեան սահմանափակումները եւ լրագրողներու դէմ ուղղուած սպառնալիքները։

Նամակին մէջ առանձին բաժինով անդրադարձ կայ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց, նշելով, որ առնուազն 19 հայ կը մնան ապօրինի կալանքի տակ՝ զուգահեռաբար շարունակուող կտտանքներու եւ բեմադրուած դատավարութիւններու մասին հաղորդումներուն։ Նաեւ շեշտուած է անհետ կորսուած անձանց հարցին չլուծուած մնալը։

Ստորագրողները կը բարձրաձայնեն նաեւ Արցախի ամբողջական հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան հարցը՝ բնութագրելով զայն որպէս ցեղային զտում, եւ կը շեշտեն տեղահանուածներուն անվտանգ, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։

Նամակի աւարտին կուսակցութիւնները կոչ կ՚ուղղեն եւրոպացի առաջնորդներուն՝ հրապարակաւ պահանջելու Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներու եւ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը, խօսելու եկեղեցւոյ եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ ճնշումներուն դէմ, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ գտնուելու ընթացքին հանդիպումներ ունենալու ընդդիմադիր ուժերու, անկախ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ։

Նամակը կ՚եզրափակէ, թէ «ասիկա քաղաքական յստակութեան պահ է», եւ կը զգուշացնէ, որ Եւրոպայի ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ վստահելիութիւնը վտանգուած է, եթէ սկզբունքները զիջին քաղաքական նպատակայարմարութեան։