ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներու Դեսպաններուն
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն:
Հայ Դատի մարմինը այդ երկիրներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր խոր գնահատանքը արտայայտելով նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշումը անոնց պատմական ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան ու հաշուետուութեան համաշխարհային արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութեան արտացոլացումն է:
Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նշեց, որ պատմութեան այս մութ էջի ոգեկոչումը կը յիշեցնէ, թէ ճանաչումը իր մէջ յարատեւ պատասխանատուութիւն մը կը պարունակէ` աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւնը կը մնայ թերի, իսկ արդարութեան ժխտումը կը շարունակէ խրախուսել անպատժելիութիւնը:
Հայ Դատի մարմինը յայտնեց, որ պատմութեան դասերը պէտք է միջազգային ընտանիքը առաջնորդեն նման վայրագութիւնները կանխարգիլելու, նշելով միաժամանակ, որ Սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի հայութեան ցեղային զտումը այդ յանձնառութեան տէր կանգնելու ձախողութիւնն է:
Հայ Դատի մարմինը ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց ոչ միայն իրենց կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման տէր կանգնելու, այլ նաեւ գործօն կերպով նպաստելու ապագայ վայրագութիւններու կանխարգիլման. բան մը, որ կ՛ենթադրէ հայերու Արցախ ապահով ու արժանապատիւ վերադարձի, պաքուի մէջ պահուող բոլոր գերիներու ու կալանաւորներու ազատ արձակման եւ Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ջատագովում, ինչպէս նաեւ հաշուետուութեան ու ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմներու ամրապնդում:
«Ճանաչումը պէտք է քայլերու հիմք դառնայ: Ժխտումին, անարդարութեան եւ կրկնուող խախտումներուն վճռակամօրէն դէմ կանգնելով` միջազգային ընտանիքը կրնայ յարգել զոհերու յիշատակը եւ ապահովել, որ «Այլեւս երբեք»-ը իբրեւ կարգախօս չմնայ, այլ պարտադիր սկզբունք դառնայ», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը:
