Իտալական Տրեւիզօ Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցին Նուիրուած Նախաձեռնութեան Բացումը
Ապրիլ 11-ին, Իտալիոյ Վենետօ մարզի Տրեւիզօ քաղաքին մէջ, քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու, մտաւորականութեան, հասարակական գործիչներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Երկրի վրայ կրկին լուսաբացներ կը ծագին» մշակութային ծրագրի բացումը։ Նախագիծը հեղինակած է քաղաքի բնակիչ Գայիանէ Սահակեան եւ անիկա կ՝իրականացուի nusica.org կազմակերպութեան հետ համատեղ՝ «Մաձոտտի» հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ու Տրեւիզոյի քաղաքապետարանին հովանաւորութեամբ։
Ծրագիրը մեկնարկեց արեւմտահայ արտայայտչապաշտ նկարիչ Ժիրայր Օրագեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով՝ անոր ստեղծագործութիւններու «Ճանաչուածներ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումով, որ տեղի ունեցաւ Casa Robegan թանգարանային համալիրին մէջ։
Օրագեանը ծնած է 1901-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ 1920-էն տեղափոխուած է Հռոմ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ 1962։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին արուեստագէտի աւելի քան 50 աշխատանք, որոնք կը պահպանուին նկարիչի թոռներու մասնաւոր հաւաքածուին մէջ։
Բացման արարողութեան, ի թիւս շարք մը պատուաւոր հիւրերու, ելոյթ ունեցան Տրեւիզոյի քաղաքապետարանի մշակոյթի հարցերով խորհրդականը, Վենետոյի մարզային խորհուրդի անդամը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Գեղամ Ադամեանը, հայագէտ եւ Կոստանդնուպոլսոյ կաթոլիկ հայերու պատուաւոր արքեպիսկոպոս Պօղոս Լեւոն Զեքիեանը, նախագիծի հեղինակ եւ համադրող Գայիանէ Սահակեանը, Հռոմի հայ համայնքի «ԱսօԱրմենի» (AssoArmeni) մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Անուշ Թոռունեանը, նկարիչի թոռ Մասիմիլիանօ Օրագեանը եւ ցուցահանդէսի համադրող, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի կիրառական արուեստի բաժնի ղեկավար Սաթենիկ Չուքասզեանը։
Ելոյթները եզրափակեց բանաստեղծուհի Էրիկա Տէ Բորտոլին՝ Հայաստանին նուիրուած իր բանաստեղծութիւններու ընթերցումով։
Պետական, ակադեմիական եւ մշակութային ոլորտներու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը մէկ անգամ եւս ընդգծեց ծրագիրին կարեւորութիւնն ու արժէքը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Վենետիկի Ca’ Foscari համալսարանի դոցենտ Սոնա Յարութիւնեանը, Իտալիոյ հայերու միութեան նախագահ Պայքար Սիվազլեանը, յօրինող եւ բեմադրիչ Ճաննի Էֆրիկեանը, ինչպէս նաեւ Վենետօ մարզի հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ։
«Ճանաչուածներ» ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 2026 Մայիս 3, իսկ Մայիս 9-ին քաղաքի Սան Ֆրանչեսքօ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանայ «Արմոնիա» խորագիրով համերգը՝ միջազգային ճանաչում ունեցող «Գիւրջիեւ» խումբի անդամներուն մասնակցութեամբ։ Ելոյթ պիտի ունենան դուդուկահար Նորայր Գափոյեանը, քանոնահարուհի Տաթեւ Յակոբեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար, երգեհոնահար Լեւոն Իսկենեանը։ Երեկոն պիտի հարստացուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի աղօթքներէն հատուածներու ընթերցումով։ Տպաւորիչ պիտի ըլլան նաեւ ցուցադրութիւնը նկարիչ Ֆրանչեսքօ Տէ Ֆլորիոյի ստեղծագործութիւններու, որոնց մեծ մասը նուիրուած է Հայաստանին։
(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)
