Մեր Նորագոյն Պատմութեան Երեւելի եւ Փառաւոր Էջերէն Մէկը. Քարվաճառի Ազատագրումը
«ԱՊԱՌԱԺ»
Մեր նորագոյն պատմութեան երեւելի եւ փառաւոր էջերէն մէկը․ պատմաբան Տարօն Յակոբեանի գրառումը․
«Ուղիղ 33 տարի առաջ այս օրը՝ սկսաւ Քարվաճառի ազատագրման ռազմագործողութիւնը: Ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1993 թուականի Մարտ 27-ին ձեռնարկեցին Քարվաճառի տարածքներուն մէջ գտնուող կրակակէտերու ոչնչացման գործընթացը, որ դարձած էր կենսական անհրաժեշտութիւն: Մինչեւ Ապրիլ 5 փայլուն ռազմագործողութեան իբրեւ արդիւնք թշնամիին հարկադրեցին ձգել նախապէս գրաւուած հայկական պատմական տարածքներու (Քաշաթաղի մէկ մասը եւ Քարվաճառը) մէկ մասը:
Այս ռազմագործողութիւնը ռազմավարական տեսանկիւնէ «օդ ու ջուրի» պէս անհրաժեշտ էր Հայաստանի ու Արցախի հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան սահմաններու անվտանգութեան ապահովման համար:
Միաժամանակ շեշտեմ, որ ռազմագործողութենէն ետք նաեւ որակապէս փոխուեցաւ ռազմաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ»:
