Կոչ Կ՝ընենք Անյապաղ Ազատ Արձակելու պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները եւ Կանխել Արցախի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը. Մարիօ Նալպանտեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն Մարիօ Նալպանտեանը Մարտ 12-ին Ժընեւի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ընթացքին, որպէս Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի ներկայացուցիչ, հանդէս եկած է ելոյթով․

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Ինծի համար պատիւ է այստեղ խօսիլ Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի անունէն։

Այն ժամանակահատուածին, երբ աշխարհը կը գտնուի անկայունութեան մէջ, երբ միջազգային յարաբերութիւնները լարուած են, եւ երբ օրէնքի գերակայութիւնը չափազանց յաճախ կ՝անտեսուի, Սոցիալիստական ինտերնացիոնալը կը վերահաստատէ իր հաւատը այնպիսի աշխարհի նկատմամբ, որ կը յարգէ մարդու ու ժողովուրդներու իրաւունքները եւ նուիրուած է մեր ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութեան ու ամրապնդման։ Մենք հանդէս կու գանք սկզբունքներու վրայ հիմնուած միջազգային յարաբերութիւններու օգտին, ոչ թէ ուժի կիրառման, հանդէս կու գանք բազմակողմ համագործակցութեան, համաշխարհային զարգացման ուղղուած նպատակներու իրականացման, նեոգաղութատիրական ձգտումներու դէմ պայքարի եւ հարստութեան կեդրոնացման սահմանափակման օգտին։ Մենք կը պաշտպանենք այնպիսի համաշխարհային կարգ, ուր ցեղասպանութիւնները, ըլլայ ատիկա Գազայի/Պաղեստինի մէջ, Տարֆուրի/Սուտանի մէջ, թէ ռոհինճաներու նկատմամբ Միանմայի մէջ, կանխուին, դադրեցուին եւ պատժուին։ Այս տեսլականը միամտութիւն չէ․ անիկա հիմնուած է պատմութեան ծանր դասերու եւ այն կայուն համոզման վրայ, որ մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք չէ զոհաբերուի նպատակայարմարութեան կամ ուժային քաղաքականութեան համար։

Այս նոյն ոգիով է, որ Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի խորհուրդը իր վերջին նիստին՝ Մալթայի մէջ, 2025 թուականի Նոյեմբերին, ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին» բանաձեւը՝ ընդգծելով, որ հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական միջոցներով։ Գործընթացի յաջողութեան համար անիկա պէտք է ներառնէ 2020 թուականի պատերազմէն ետք եւ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած բոլոր անձերուն հաւաքական, կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ, անարգել եւ միջազգային երաշխիքներով ապահովուած վերադարձը՝ լիարժէք պաշտպանութեամբ ցանկացած տեսակի ահաբեկումէ կամ հարկադրանքէ։

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալը նաեւ կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու պաքուի մէջ պահուող մնացած հայ կալանաւորուածները` ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարները, ինչպէս նաեւ կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ գտնուող հայկական կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կամ փոփոխութիւնը եւ պաշտպանելու տարածաշրջանի պատմական ժառանգութիւնը։

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալը, որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն, այս անհանգիստ եւ անորոշ ժամանակներուն կը վերահաստատէ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նկատմամբ յարգանքի եւ անոնց պահպանումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը՝ համարելով անոնց խախտումը եւ բոլոր միակողմանի ռազմական գործողութիւնները՝ անընդունելի։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ