ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներուն Արգիլուած է Աստուածաշունչ Ստանալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն, ըստ անոնց ընտանիքներուն, արգիլուած է կրօնական նիւթեր, մասնաւորապէս՝ Աստուածաշունչ ստանալ»,- այս մասին նշուած է ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) 2026թ. տարեկան զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցի՝ ազրպէյճանին վերաբերող մասով կը նշուի, որ Փետրուարին USCIRF-ի պատուիրակութիւնը մեկնած է ազրպէյճան՝ գնահատելու կրօնի ազատութեան պայմանները եւ հանդիպելու կառավարական պաշտօնեաներու հետ։

«Թէեւ ազրպէյճանական կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է USCIRF-ի հետ երկխօսելու հարցով, այնուամենայնիւ, այդ ժամանակէն ի վեր անիկա էական յառաջընթաց չէ արձանագրած կազմակերպութեան առաջարկներուն իրականացման ուղղութեամբ»,- արձանագրուած է զեկոյցին մէջ։

Փաստաթուղթը անդրադարձած է նաեւ Արցախի հայկական պատմամշակութային ու քրիստոնէական յուշարձաններու ճակատագրին: «Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական հայկական կրօնական յուշարձանները կը շարունակեն վտանգի տակ մնալ՝ ազրպէյճանի կողմէ 2020 եւ 2023 թուականներուն այդ տարածքներու վերահսկողութենէն ետք։

Յուլիսի դրութեամբ արբանեակային պատկերներու վերլուծութիւնը յայտնաբերած է ութ ոչնչացուած եւ եւս տասը վնասուած կրօնական վայր, ներառեալ՝ եկեղեցիներ, գերեզմանոցներ եւ այլ մշակութային արժէքներ»։

Ներկայացուած է նաեւ յանձնաժողովի նախագահ Վիքի Հարթզլըրի՝ ազրպէյճանի վերաբերեալ յատուկ կարծիքը, ըստ որուն ազրպէյճանը «յատուկ դիտարկման  երկիներ»-ու ցանկից պէտք է  տեղափոխուի կրօնական ազատութիւններու տեսակէտէն աւելի վատ վիճակի մէջ գտնուող՝ «Յատուկ մտահոգութեան երկիրներ»-ու շարք, քանի որ երկիրը շարունակաբար, բացայայտ եւ կոպտօրէն կը խախտէ կրօնական ազատութիւնը։

«Երկիրը արտաքուստ կը յայտարարէ, որ կ՝աջակցի կրօնական ազատութեան, սակայն ներքուստ կ՝ընէ հակառակը։ Ան կը խոշտանգէ իր քաղաքացիները, կը վերահսկէ կրօնական գործունէութիւնը, կը վտարէ անկախ լրատուամիջոցներն ու Կարմիր Խաչը, եւ կ՝ոչնչացնէ կրօնական ժառանգութեան վայրերը։ Լեռնային Ղարաբաղէն մօտ երկու տասնեակ հայ քրիստոնեայ բանտարկեալները, որոնք դատուած են փակ դռներու ետին՝ առանց բաւարար իրաւաբանական օգնութեան, ենթարկուած են ծեծի, հոգեբանական բռնութեան, բժշկական օգնութեան եւ պատշաճ սնունդի մատչելիութեան բացակայութեան, զրկուած են Աստուածաշունչէն, խաչի դաջուածքները այրելու միջոցով ջնջուած են։ Ոստիկանութիւնը պատասխանատուութեան չ՝ենթարկուիր այս գործողութիւններուն համար»:

Ան նաեւ նշած է, որ եթէ ազրպէյճանը ուզէ ըլլալլ Միացյալ Նահանգներու լիարժէք գործընկեր եւ խթանել ընդհանուր տնտեսական ու ռազմավարական նպատակները, պէտք է կատարէ իրական քայլեր՝ կրօնական ազատութիւնը իրականութեան մէջ ընդունելու ուղղութեամբ։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/03/11/308376