Բացայայտուած է Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին Դէմ ազրպէյճանական Արշաւ՝ Հայերու, Ներառեալ ՀՀ ԱԺ Պատգամաւորի Ներգրաւմամբ
Լոնտոնի մէջ տեղակայուած “Apollo Strategic Communications” կազմակերպութիւնը 2026թ․ Մարտ 2-ին, ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած նամակով վերջիններուս խմբագիրներուն առաջարկած է «ոչ հրապարակային քննարկումներ»՝ նպատակ ունենալով արատաւորել Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը, արժեզրկել ու վարկաբեկել անոր գործունէութիւնը։ Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած փակ նամակը յայտնուած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին մօտ։ Ուշագրաւ է, որ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին վերաբերեալ խոստացուող «տեղեկատուութիւնը» ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Հայ Դատի համակարգին դէմ պայքարին մէջ ազրպէյճանաթրքական շրջանակներուն կողմէ օգտագործուող կեղծ պնդումներուն։
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ “Apollo Strategic Communications” –ի մայր ընկերութեան՝ “RSK Group”-ին կը պատկանի “Azerbaijan Environment and Technology Centre” Ltd» դուստր ընկերութիւնը, որ լայնածաւալ ծրագրեր կ՝իրականացնէ ազրպէյճանի մէջ, մասնաւորապէս Կասպեան տարածաշրջանին մէջ, իսկ “Apollo”-ն իր գրանցումէն ի վեր՝ 2009 թուականէն, գործած է քանի մը անուանումներով՝ “Red Public Relations Limited” եւ “Apollo Public Relations Limited”։
Դժբախտաբար, ազրպէյճանական ակնյայտ ուղղորդմամբ այս արշաւին միացած են նաեւ հայեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, ներառեալ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր։ Մասնաւորապէս, Մարտ 2-ի նամակով ամերիկեան մամուլի պատասխանատուներուն կ՝առաջարկուի Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը վարկաբեկող տեղեկատուութեան փոխանցում հետեւեալ անձերուն հետ հանդիպումներու միջոցով․
1. Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան քոնկրեսական յանձնաժողովի անանուն աշխատակից,
2. ՀՀ ԱԺ «Քացաքացիական պայմանագիր» իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեան,
3. Պատմաբան Նժդեհ Յովսէփեան,
4. «Քարնեգի» հիմնադրամի այցելու-գիտաշխատող Կարօ Փայլան։
Աւելի ուշ, X-ի իր էջին մէջ Կարօ Փալյանը հրաժարած է այդ արշաւին մասնակցութենէն՝ գրելով․ «լրագրողներուն իմ անունով ուղարկուած են հաղորդագրութիւններ Հայաստանի վերաբերեալ, որոնք ես չեմ լիազօրած»։
Յատկանշական է նաեւ, որ այս արտահոսքէն ետք “Apollo Strategic Communications”-ը փակած է իր X-ի իր օգտահաշիւը, իսկ աշխատակիցներու ցանկէն հեռացուցած է հրապարակուած նամակը ստորագրած աշխատակից Տենիէլ Պլէյք-Մարթինի տուեալները։
Կատարուածին վերաբերեալ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը “Apollo Strategic Communications”-էն կը պահանջէ հետեւեալ հարցերուն պատասխանը․
- Ո՞վ վարձած “Apollo”-ն՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին դէմ արշաւ իրականացնելու համար եւ որքա՞ն գումար վճարուած է։
- Եթէ “Apollo”-ն Ամերիկայի մէջ գործած է օտար պատուիրատուի անունով՝ ամերիկեան կազմակերպութեան դէմ, ուրեմն ինչո՞ւ չէ գրանցուած ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ՝ Foreign Agents Registration Act (FARA) օրէնքին համաձայն։
- Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս գաղտնի արշաւին մէջ ներգրաւուած են Մարիա Կարապետեանը, Նժդեհ Յովսէփեանը եւ Կարօ Փայլանը։
- Ի՞նչ կապեր ունի “Apollo”–ի մայր ընկերութիւնը՝ RSK Group-ը, ազրպէյճանի, ալիեւներու ընտանիքի եւ Կասպեան տարածաշրջանի ուժանիւթի ընկերութիւններուն հետ։
Կից կը ներկայացուի ամերիկեան լրատուամիջոցներուն գաղտնի կերպով ուղարկուած նամակը։
