Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Տարածաշրջանին Մէջ Բնակութիւն Հաստատող Սիրելի Եւ Հաւատաւոր Ժողոդուրդ

Աշխարհ, Սփիւռք

Տարածաշրջանը կը գտնուի աննախընթաց կացութեան դէմ յանդիման, վստահ ենք, որ մօտէն կը հետեւիք տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Առ այդ՝ մեր թելադրութիւնն է, որ հետեւիք իշխանութիւններու կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուած ցուցմունքներուն, առանց խուճապի մատնուելու: Սրբազան հայրը մնայուն կապի մէջ է փոքրամասնութիւններու պետական գրասենեակին հետ եւ ամէն ինչ բնական ընթացքի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար առօրեայ կեանքը շարունակելու եւ բնական ընթացքը պահելը թելադրելի է:

Այս առումով կու գանք մեր թեմի Հոգեւոր Դասուն եւ Ազգային Իշխանութեան աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ինչպէս նաեւ մեր ամբողջական վստահութիւնը յայտնելու երկրի խոհեմ եւ իմաստուն իշխանութեանց ղեկավարութեան ապահովական տարած մեծ աշխատանքներուն ու ջանքերուն: Ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն շնորհելու բոլոր քայլերը ապահովուած են տարածաշրջանէն ներս եւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքները ապահովուած են:

Առ այդ՝ կ’աղօթենք Ամենակալ ու Բարձրեալն Աստուծոյ, որ իր երկնային օրհնութեամբ պահէ ու պահպանէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը եւ Ծոցի բոլոր երկիրները եւ ապահովութեամբ բարեզարդէ մեր ժողովուրդի կեանքը:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի