Սումգայիթի Կոտորածի Զոհերու Հոգիներու Խաղաղութեան Համար Հոգեհանգստեան Կարգ Կատարուեցաւ
Փետրուար 27-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ՝ Հանգստեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ 1988թ. ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած սումգայիթեան ջարդերու զոհերուն։
Եկեղեցական դասը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած կոտորածի ենթարկուած անմեղ հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։
Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգ
