Վանսի Այցելութիւնը Հայաստան` Երկիր Դրախտավայր․ «Հայրենիք»
Խմբագրական
«Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է: Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար` ոչ միայն անձամբ զիս, այլ նաեւ` ընտանիքս: Հայաստանը, ի հարկէ, աշխարհի ամենահին քրիստոնէական մշակոյթներէն մէկն է, եւ ես խոր կապ կը զգամ հայ ժողովուրդին հետ», այսպէս համակրական խօսքերով արտայայտուեցաւ Ճէյ. Տի. Վանս, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին Հայաստան այցելող փոխնախագահն էր: Այս ընթացքով հաւանաբար իր վերակացուն` նախագահ Թրամփն ալ մօտիկ ապագային ըլլայ Հայաստան` երկիր դրախտավայր այցելող Միացեալ Նահանգներու պաշտօնավարող առաջին նախագահը:
Վանս միայն աշխատանքային պարտականութիւններով չէր գործուղուած: Քիչ մըն ալ զբօսաշրջային բնոյթ ունէր իր այս շրջապտոյտը, որուն մեկնարկը տրուեցաւ Իտալիայէն, երբ ան հանդերձ ընտանեօք ներկայ եղաւ Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան: Ապա տէր եւ տիկին փոխնախագահն ու զաւակունք ժամանեցին Հայաստան եւ Ազրպէյճան:
Այսպէս, առաջին անգամ ըլլալով «Air Force One»-ի մէկ օդանաւը իր անդրանիկ էջքը կատարեց «Զուարթնոց» օդակայան` շրջանցելով ռուսական պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցելող թռիչքներու սովորութիւնը, որ սկսած է հետզհետէ սակաւ դառնալ:
Հազիւ ժամանած` Վանս գործի լծուեցաւ եւ կատարեց իր այցելութիւններն ու հանդիպումները:
Լուսարձակի տակ առնուեցան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործունէութիւններ, որոնց կարգին հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով (թէ որքանո՞վ, այդ մէկը հարցադրումի տակ) օգտագործման ոլորտէն ներս համագործակցութեան համաձայնագիր մը, եւ, առ այդ, ամերիկեան բաւական «կոկիկ»` 9 միլիառ տոլար արժողութեամբ ներդրում մը:
Բնականաբար խաղաղ նպատակներով կարելի չէ կլլեցնել եւ մեկնաբանել, թէ արդէն իսկ երեք տարիէ ի վեր կատարուող «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւններուն Հայաստանը ստացած է 11 միլիոն տոլարի արժողութեամբ անօդաչու սարքեր եւ դեռ ալ մօտիկ ապագային յաւելեալ կատարելագործուած կազմածներ պիտի ստանայ:
Այս մէկը, անշուշտ, ԱՄՆ-Հայաստան ռազմական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ծիրին մէջ, որոնք հաւանաբար բանալի դեր պիտի ունենան… հարաւային շրջանի Իրանի սահմանագծին վրայ` կատարելով իրենց հսկումի պաշտօնը:
Դեռ աւելի՛ն. առանց բառերը ծամծմելու եւ դիտմամբ աչք գոցելով իշխանաւորներուն բռնամիջոցներուն վրայ` Վանս ընտրութիւններու սեմին ափաշկարա յայտնեց. «… Եթէ իմ աջակցութիւնս բան մը կը նշանակէ, ապա Փաշինեան անշուշտ ունի այդ աջակցութիւնը: Ան այն անձն է, որ կրնայ երկարատեւ գործընկերութիւն կառուցել, որպէսզի նման ծրագիրներ իրականանան»:
Սիւնիքի ճամբով Ազրպէյճանը իր արտագաւառ Նախիջեւանին կապող «ԹՐԻՓՓ» ճամբուն մասին խօսելով` Վանս եղաւ առաջին թռիչք կատարողը` անգամ մը եւս յանկերգը կրկնելով, թէ ասիկա կը նպաստէ համագործակցութեան խթանման` տնտեսական, բնական պաշարներու եւ կարեւոր հանքային ոլորտներու մէջ:
Վանս ակնթարթ մը իր ենթագիտակցութեան մէջ չ՛անդրադառնար, (բայց հաւանաբար քաջատեղեակ է եւ ըստ այնմ կը գործէ), որ այսպէս ամէն գնով պարան երկարելով եւ ներգրաւելով ներկայ իշխանութիւնները` մոռնալով կամ նոյնիսկ երկրորդական սեպելով համաթուրանականութեան լուրջ վտանգները, երկրորդ Ուքրանիա մը կ’ուզէ ստեղծել Կովկասի բարձրաւանդակին մէջ:
Դեռ աւելի՛ն. արդեօք Վանս քաջատեղեակ չէ՞, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» չէ, այլ վերածուած է ոստիկանապետական բռնատիրութեան:
Այլապէս, ո՛չ մէկ շօշափելի եւ վճռական խօսք` Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու մասին, որոնց միակողմանի դատավարութիւնները անբացատրելիօրէն խայտառակութիւն էին: Նաեւ` ո՛չ մէկ խօսք կորսուած անձերու եւ անհետացածներու հարցը քննարկելու մասին, եւ դեռ «ձայն բարբառոյ յանապատի» կը մնան արցախահայութեան վերադարձը եւ գրաւուած դարաւոր քրիստոնէական ժառանգութեան վայրերու հետեւողական ոչնչացումը:
Այդ միեւնոյն անօդաչու սարքերը գործուղելով` կարելի է հետեւցնել, թէ տասնեակներով ժառանգական վայրեր 2021-էն ի վեր կործանուած են, կամ վերածուած` մզկիթներու:
Սակայն ի՞նչ կարելի է սպասել ժողովրդավարութիւն քարոզող երկրի մը ղեկավարէն, երբ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան մասին «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերու գրառումը հրապարակուելէ կարճ ժամանակ մը ետք կը ջնջէ եւ կը գրէ. «Աւելի քան 100 տարի առաջ շատ վատ բան պատահեցաւ, եւ ատիկա բան մըն է, որ անոնց համար մշակութային գետնի վրայ խիստ կարեւոր է: Ուզեցի երթալ, այցելել ու յարգանքի տուրքս մատուցել»:
… Այդ օրն ալ` 10 փետրուար 2026-ին (Վարդանանց պատերազմի 1575-ամեակի սեմին), նոյնքան եւ շատ աւելի վատ բան մը պատահեցաւ, երբ նոյնինքն այդ խօսքերուն տէր Վանսը այդ գրառումը ջնջեց եւ աղաւաղեց:
Այս մասին շատ աւելի պատշաճ եւ օրինակելի է յիշել ամերիկացի նշանաւոր խոհարար, հեղինակ եւ եզակի տիպար` Անթընի Պորտէյնը (1956-2018), որ աշխարհի զանազան երկիրներ կատարած ճամբորդութիւններուն մէջ ընդգրկած էր Հայաստանը` իր հանրածանօթ «Parts Unknown» (անծանօթ վայրեր) յայտագրով, եւ հպարտօրէն ըսած էր. «Թուրքիան մինչեւ այսօր կը շարունակէ ժխտել, թէ ցեղասպանութիւն երբեւէ տեղի ունեցած է: Սակայն ես ոչ մէկ դժուարութիւն ունիմ այդ բառը գործածելու: Աւելի՛ն`. հպարտ եմ զայն օգտագործելու համար եւ միաժամանակ ապշած` աշխարհին շարունակական տատամսումէն` 1915 թուականին թուրքերու կողմէ կանխամտածուած ու ծրագրուած կերպով իրականացուած շուրջ մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածը եւ միլիոնաւորներու տեղահանութիւնը ուրիշ անունով կոչելու»:
Եզրակացնելու համար եւ դեռ աւելի՛ն. Պորտէյն այդ օրերուն բախտը ունեցած էր այցելելու Արցախ եւ անմիջապէս Պաքուին կողմէ հռչակուած էր «persona non grata»` անբաղձալի անձ:
