95 Տարիներու Անխափան Երթ Մը․ Հաղորդագրութիւն
Այս տարի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանը կը նշէ իր 95-ամեակը: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութենէն երեք տարի ետք` 1931-ին, Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով հիմը կը դրուէր Համազգայինի հրատարակչական գործին: Ահաւասի՛կ 95 տարիներու անխափան երթ մը: Արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրական անդաստանին մէջ մնայուն ներկայութեամբ` Համազգայինի հրատարակչականը իր մանկապատանեկան, գրական, պատմագիտական, մշակութային, գեղարուեստական բազմահազար հատորներով եւ նաեւ հազարաւոր դասագիրքերով, սփիւռքահայ կեանքին տուաւ նկարագիր եւ սատարեց սերունդներու հայեցի կազմաւորման կենսական առաքելութեան:
Այս առիթով, երախտագիտական խոր զգացումներով կը յիշենք այս հաստատութեան մէջ իբրեւ տնօրէն, խմբագիր, վարչական պատասխանատու, հաշուապահ, քարտուղար, գրաշար, գեղարուեստական ձեւաւորող, գրախանութի եւ գրատարածի պատասխանատու, տպագրիչ, կազմարար եւ մաքրութեան պատասխանատու ծառայած հարիւրաւոր աշխատակիցները, որոնք հայ գիրքը դարձուցին իրենց հարազատ զաւակն ու խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ ապրեցան երկունքն ու իւրաքանչիւր հատորի ծննդաբերութիւնը: Անոնցմէ շատեր այսօր առյաւէտ բաժնուած են այս կեանքէն, սակայն բոլորին վաստակն ու քրտինքը կը շարունակեն դրոշմուած մնալ հաստատութեան մէջ:
Այս առիթով 2026 տարին յայտարարուած է 95-ամեակի տարի: 95-ամեակի նախաձեռնութիւնները սոսկ արարողակարգ չեն, այլ այսօրուան մեր առաջնահերթութիւններէն եւ մարտահրաւէրներէն մեկնած հայ գիրքին շուրջ հետաքրքրութեան նոր հորիզոն բանալու յստակ առաջադրանք, որուն համար վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր համազգայնական եւ Համազգայինի բարեկամ պիտի զօրակցի մեր ծրագիրին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 95-ամեակի ծրագիրներու նախագիծը.
Ա.- Համազգայինի հրատարակչատան հայ գիրքի ակումբի հիմնադրութիւն: Այս ակումբին ճամբով պիտի ստեղծուի գրողներու եւ ընթերցասէրներու քննարկման միջավայր մը` հայ գիրքի ընկալումը եւ տարածումը ընդարձակելու առաջադրութեամբ:
Բ.- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» գիրք-ալպոմի «Արցախ` վտանգուած ժառանգութիւն» երեք հատորներու շնորհահանդէս, որուն ընթացքին նաեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի ժամանակակից նկարիչներու ցուցահանդէս:
Գ.- 95-ամեակի պաշտօնական ընթրիք` բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին:
Դ.- Համազգայինի հրատարակութիւններու ցուցահանդէս Հայաստանի մէջ:
Ե.- Թարգմանչաց տօնին առիթով, Լիբանանի մէջ համահայկական ցուցահանդէս եւ 95-ամեակի հրապարակային նշում, ինչպէս նաեւ նոյն ժամանակահատուածին, գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւններու, ըստ կարելիութեան, այլ շրջաններու մէջ նաեւ Համազգայինի հրատարակութիւններու ցուցահանդէս:
Զ.- Երախտիքի երեկոյ` վերջին 30 տարիներուն Համազգայինի հետ համագործակցած միութիւններուն, կառոյցներուն, հաստատութիւններուն եւ հեղինակներուն:
Է.- Համազգայինի 95-ամեակի մատենաշարի հաստատում եւ այդ ճամբով դարձեալ գործակցաբար Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցին հետ` տասը հատորներու հրատարակութիւն: Այս հատորներու ամբողջացումէն ետք տեղի պիտի ունենայ 95-ամեակի հունձքի ներկայացում:
Ը.- Միջդպրոցական գիրքի ընթերցանութեան մրցանք: Այս ձեռնարկը նախատեսուած է Լիբանանի, ինչպէս նաեւ հնարաւորութեան պարագային` այլ գաղութներու աշակերտութեան համար:
Թ.- Համազգայինի հրատարակչատան մատենագիտական գրացուցակ-հատորի պատրաստութիւն, որ լոյս պիտի տեսնէ Համազգայինի 100-ամեակին առիթով: Այս աշխատանքը ստանձնած է Կարօ Յովհաննէսեան:
Ժ.- Հաստատութեան բազմավաստակ նախկին տնօրէն (1965-1998) Երուանդ Մոնոֆարեանի մեծարանքի ձեռնարկ:
Տարուան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ այլ հրատարակչական ծրագիրներ եւ ցուցահանդէսներ:
Իւրաքանչիւր ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ ժամանակացոյցի մասին հերթաբար մեր հասարակութիւնը հաղորդակից պիտի դարձնենք եւ վստահ ենք, որ հաւաքական ճիգով պիտի յաջողինք հայ գիրի ու դպրութեան համակող մթնոլորտ մը ստեղծել` ի խնդիր մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման, տարածման ու ամրապնդման:
Ահաւասիկ 95 տարի ծառայութիւն` Մեսրոպեան տառին, հայոց լեզուին, հայ գրականութեան, հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան: Եւ երթը կը շարունակուի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
