Հայրապետի Նկատմամբ Այս Գործողութիւնները Անհիմն են ու Անօրինական․ Մայր Աթոռը Խստօրէն կը Դատապարտէ

Հայաստան, Սփիւռք

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ եւ խոր վրդովմունք կը յայտնէ ՀՀ դատախազութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ Նորին Սրբութեան ելքը Հայաստանէն արգիլելու փաստին առնչութեամբ:

Ամենայն Հայոց Հայրապետի նկատմամբ այս գործողութիւնները անհիմն են ու անօրինական եւ կը կրեն ընդգծուած քաղաքական բնոյթ։

Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու ակնյայտ հակասահմանադրական եւ հակաօրինական այս կեցուածքով իշխանութիւնը կը խոչընդոտէ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական գործունէութիւնը։

Այս ամէնը նաեւ անյարգալից վերաբերմունք է միլիոնաւոր հաւատացեալներու եւ դարաւոր այն կառոյցի հանդէպ, որ եղած եւ կը մնայ հայոց պետականութեան անսասան հենասիւնը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՝ընէ անյապաղ վերանայիլ Հայոց Հայրապետի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներու եւ քարտուղարի նկատմամբ կայացուած ապօրինի որոշումները, որոնք կը պառակտեն մեր հասարակութիւնը, կը նսեմացնեն հայրենի պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/02/14/307158