Արցախցի Արսէն Բաղրեանը Ճանչցուած է 2025 Թուականի Լաւագոյն Ուշուիստ
Արցախցի Արսէն Բաղրեանը Ուշուի միջազգային ֆետերասիոնի (IWUF) վարկածով օրերս ճանչցուած է 2025 թուականի լաւագոյն ուշուիստ՝ սանտա մրցաձեւին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ ԿԳՄՄ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Մարզիկը երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան ախոյեան է, մեծահասակներու աշխարհի առաջնութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր եւ Եւրոպայի եմպիոն։
Յառաջիկային Բաղրեանը պիտի մասնակցի Չինաստանի մէջ կայանալիք սանտայի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան։
