«Մարալն ու Հայրիկը Արցախում» Ներկայացումը՝ Արցախցի Երեխաներուն Համար

Հայաստան

Օրերս արցախցի երեխաները, Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու Մարինէ Չարշաֆճեանի հեքիաթի հիման վրայ ստեղծուած «Մարալն ու հայրիկը Արցախում» ներկայացումը։ Անիկա ունէր կրթական եւ ճանաչողական մեծ նշանակութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Երեխաները ծանօթացան պատմական Արցախի շինութիւններուն ու հերոսներուն, ստացան արժէքաւոր գիտելիքներ։ Ներկայացումը արցախեան քաղցրածոր բարբառով էր, եւ այդ արցախեան շունչը մեծ ոգորութիւն պարգեւեց թէ՛ փոքրիկներուն, թէ՛ մեծերուն։ Երեխաները ծանօթացան հերոսական կերպարներուն, Արցախի պատմական տարածքներուն եւ, ի հարկէ, դասեր քաղեցին ներկայացումէն, որոնք անոնց պիտի ուղեկցին ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Փոքրիկները հաճելի անակնկալի եկան, երբ  ստացան «Մարալն ու հայրիկը Արցախում» հեքիաթին գիրքը եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան դահլիճէն։

Նշենք, որ Ծիլ տիկնիկային ստուտիան (արուեստանոցը, ԵՌԱԳՈՅՆ) ծրագիրը իրականացուցած է «Լորիկ» հիմնադրամին աջակցութեամբ։ «Մարալն ու հայրիկը Արցախում» ներկայացմամբ հանդէս եկած են նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գիւմրիի Հայորդաց տան մէջ։