Կոչ Զօրակցութեան
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Հինգշաբթի 12 Փետրուար 2026-ին, փակ պահուին հայկական վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի արժանի յարգանք ընծայելու համար հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած մեր ազգի քաջերուն, մեր հաւաքականութիւնը մասնակից դառնայ մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող սուրբ պատարագներուն ու պաշտամունքներուն:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
