Ցեղասպանութեան Իւրայատուկ Ոգեկոչում՝ Պետական Պաշտօնատարներու Մասնակցութեամբ


Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ դաշնակցային, նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային պաշտօնատարներու, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին նաեւ համայնքային ղեկավարներ, հոգեւորականներ, կրթական մշակներ եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներ։
Նման ձեռնարկ մը ոգեկոչման աւանդական թուականէն՝ Ապրիլ 24էն առաջ իրականացնելու որոշումին շարժառիթը հակահայ կեցուածքներու բազմացումն ու Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Քալիֆորնիա այցելութիւնն էր։


Հակառակ վերջերս գլուխ ցցող Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ պատմութիւնը ջնջելու ջանքերուն, նշեալ հաւաքին մասնակցած պաշտօնատարները յստակ եւ ազդու պատգամ մը յղեցին, թէ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ անհերքելի պատմական իրականութիւն մը։
Ոգեկոչման բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Կարէն Ճինպաշեան, շեշտելով, որ յիշողութիւնը պատմութիւնը ջնջելու ջանքերուն դէմ գործածուղ կարեւոր գործիք մըն է, հաւաքը նկատելով ատելութեան, հայատեացութեան եւ անտեղի պիտակաւորումներու դէմ դնելու միջոց մը։


Ապա հոգեւորականները աղօթեցին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն եւ ներկաները պահ մը լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը։
Այնուհետեւ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի աշակերտները երաժշտական կատարում մը ներկայացուցին, որմէ ետք ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի կոմիտէի հերթապահ Ճեք Հաճինեան ելոյթ ունենալով յայտնեց, թէ Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու կողքին, ներկայիս կենսական է նաեւ աշխատանք տանիլ Պաքուի բանտերուն մէջ անարդար կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար։


«Միասնաբար կրնանք վերջ տալ ատելութեան եւ արդարութեան հասնիլ, այսինքն՝ ապահովել Պաքուի բանտերուն մէջ անարդարօրէն պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը եւ Արցախի եկեղեցիներուն եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը», յայտարարեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան։
Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց սերտացման եւ հայութեան իրաւունքներն ու պատմութիւնը պահպանելու կարեւորութեան մասին, անընդունելի նկատելով Արցախի ցեղասպանութեան նկատմամբ աշխարհին ցուցաբերած կրաւորականութիւնը։


Ներկաներէն շատեր Ցեղասպանութեան ուրացման եւ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան միջեւ կապեր կատարեցին, դատապարտելով պատմութիւնը ջնջելու ջանքերը։
Ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին էին՝ քոնկրեսական Ճուտի Չու, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Հիլտա Սոլիս, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Պապ Արչուլեթա, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Ֆոնկ, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճորճինա Թամայօ, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Քոսթանթին Էնթընի, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան եւ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռիք Քոլ։


Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ պաշտօնատարներուն ներկայութիւնը ազդու պատգամ մըն էր պատմութիւնը ուրանալու կամ զայն վերատեսութեան ենթարկելու ջանքերուն եւ դարձեալ լուսարձակի տակ դրաւ մեծ թիւով պաշտօնատարներու զօրակցութիւնը՝ արդարութեան հասնելու հայ համայնքին տարած պայքարին։


Ձեռնարկին աւարտին, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշարձանին տակ, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն անմար յիշատակը։
