Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը պաքուի Մէջ Ցմահ Ազատազրկման Դատապարտուեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր, Փետրուար 5-ին, հրապարակուած է Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներուն դէմ շինծու գործով դատավճիռը։

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի ՊԲ հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Արցախի ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Արցախի նախկին ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Արցախի նախկին ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանը շինծու քրէական գործերով պաքուի մէջ դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման։

Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուեցան 20 տարի ազատազրկման, քանի որ ազրպէյճանի օրնէսդրութիւնը կ՝արգիլէ 65 տարին լրացած անձանց ցմահ ազատազարկել։ Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«ԵՐԿԻՐ»