ԵԽԽՎ-ն Մտահոգ Է Հայաստանի Վարչապետին Եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Միջեւ Լարուածութեան Գծով

Աշխարհ, Հայաստան

ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ պԱՔՈՒԻՆ՝ ՀԱՅ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի վարչապետին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին միջեւ լարուածութեան եւ եկեղեցւոյ քանի մը հոգեւորականներու կողմէ իշխանութիւնը գրաւելու փորձին մասին հաղորդումներուն վերաբերեալ, կ՛ըսուի 26 Յունուարին, վեհաժողովին մէջ ընդունուած զեկոյցին մէջ:

Փաստաթուղթը նաեւ ափսոսանք կը յայտնէ Հայաստանի մէջ քաղաքական բոլոր հակառակորդներուն կողմէ դաշտի չափազանց բեւեռացման եւ պիտակաւորման համար:

«Վերահաստատելով, որ 2018-էն ի վեր մէկը միւսին յաջորդած ընտրութիւնները զերծ եղած են խախտումներէ, վեհաժողովը նոյն ատեն դարձեալ կ՛ընդգծէ, որ պէտք է կանոնակարգեր կիրարկել` պետական միջոցներու չարաշահման եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման ոլորտին մէջ»,  կ՛ըսուի լաթվիացի պատգամաւոր, Լաթվիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Զանա Քալնինա-Լուքաշեւիցայի զեկոյցին մէջ: «Նախքան Յունիս 2026-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին՝ բարելաւելու քաղաքական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ յարաբերութիւնները` ապահովելու, որ ընտրարշաւը ըլլայ թեմաներու եւ քաղաքական ուղղուածութեան շուրջ եւ զերծ` ընտրութիւններուն մասնակցողներուն միջեւ անձնական յարձակումներէ: Այս պարունակին մէջ, վեհաժողովը յղում կը կատարէ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի Եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) առաջարկին, որ «Ընտրուած մարմինները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է որդեգրեն համապատասխան վարքագիծի կանոններ, որոնք կ՛արգիլեն ատելութեան խօսքի օգտագործումը, կոչ կ՛ուղղեն իրենց անդամներուն եւ հետեւորդներուն՝ ձեռնպահ մնալու անոր մէջ ներգրաւուելէ, հաւանութիւն տալէ կամ տարածելէ` նախատեսելով պատժամիջոցներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ։

Վեհաժողովը նաեւ ի գիտութիւն կ՛ընդունի վարչապետ նիկոլ փաշինեանի` Յունիս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք սահմանադրական հանրաքուէ կազմակերպելու մտադրութիւնը:

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը ազրպէյճանի վերաբերող բաժինին մէջ կոչ կ՛ուղղէ իլհամ ալիեւի վարչակազմին՝ դադրեցնելու ընդդիմադիրներուն հետապնդումները եւ անյապաղ ազատ արձակելու քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուած բոլոր անձերը, որոնց կարգին՝ 23 հայ բանտարկեալները:

«ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգ մնալ ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետագայ վատթարացումով եւ ենթադրաբար քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուած անձերու թիւի աճով, որոնց կարգին՝ հանրային գործիչներ, լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներ, գիտնականներ, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ կառավարութեան այլ քննադատներ», կ՛ըսուի նոյն զեկոյցին մէջ, որ պատրաստուած է նախորդ տարեվերջին, երբ չորս հայ գերիները պաքուէն տակաւին չէին հայրենադարձուած: Զանոնք, ինչպէս նաեւ ցարդ ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը վեհաժողովը կը դասէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուածներու շարքին: