Եւրոխորհրդարանը պաքուին Կոչ Կ՚ուղղէ Բոլոր Քաղբանտարկեալները Ազատ Արձակելու
Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ուղղած է ազրպէյճանին՝ ազատ արձակելու բոլոր քաղբանտարկեալները։ Այսօր ընդունուած բանաձեւին մէջ կառոյցը նաեւ խիստ քննադատութեան ենթարկած է ազրպէյճանի գործող վարչակարգը՝ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան քողի տակ ընդդիմադիր ձայները լռեցնելու, լրագրողներ, խաղաղութեան պաշտպան ակտիվիստներ եւ իրաւապաշտպաններ ազատազրկելու համար։
«պաքուի հետ յարաբերութիւններու յետագայ առաջընթացը պէտք է շաղկապուի այս ուղղութեամբ կատարուելիք յստակ քայլերուն հետ»,– յայտարարած են Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները։
Փաստաթուղթը յատկապէս մատնանշած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վաղեմի կողմնակից, գիտնական Պահրուզ Սամետովի եւ թալիշ հետազօտող Իքպալ Ապիլովի ձերբակալութիւնները՝ զանոնք որակելով ապօրինի։ Եւրոպացի պատգամաւորները կը շեշտեն, որ անոնց դատավարութիւնը տեղի ունեցած է փակ դռներու ետին, խախտուած են արդար դատավարութեան չափանիշներն ու անմեղութեան կանխավարկածը։ Դատարանին ներկայացուած միակ «ապացոյցը» երիտասարդ գիտնականներուն կապերն են հայ գործընկերներուն հետ։ Անոնք դատապարտուած են 15–18 տարուան ազատազրկման՝ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով։
