«Հայոց Զօրքը Արցախում». Արմէն Այվազեանի Նոր Ուսումնասիրութիւնը

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Թումանեանս Արտ սրճարանին մէջ կայացաւ պատմաբան, քաղաքագէտ Արմէն Այվազեանի «Հայոց զօրքը Արցախում. կազմաւորումը, զինումը եւ ճակատամարտերը» գիրքին շնորհանդէսը։

Գիրքը առաջին մանրամասն վերլուծութիւնն է 1722-1735թթ Արցախի մէջ հայկական զօրքերու ստեղծման, հրամանատարական կազմի, թուաքանակի, զէնքերու հայթայթման եւ անոր` շարք մը կարեւոր ճակատամարտերու մասնակցութեան վերաբերեալ։

Այս կարեւոր ուսումնասիրութեան մասին իրենց խօսքը ըսին պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսըր Վահրամ Բալայեանը, հրապարակախօս, վերլուծաբան Միքայէլ Հաճեանը, պատմաբան Մհեր Յարութիւնեանը, իրաւագէտ Վլատիմիր Յովսէփեանը։

Շնորհահանդէսը ընթացաւ գիրքին շուրջ քննարկումով, կարծիքներու փոխանակումով եւ զրոյցով։

Միջոցառման բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ շնորհահանդէսը վարեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը։ Ան նշեց, որ թէեւ գիրքը Համազգայինի հրատարակութիւններէն չէ, բայց գրասենեակը յանձն առած է գիրքի շնորհահանդէսի կազմակերպումը` որպէս Արցախի մասին պատմական վկայութիւններու մանրազննին ուսումնասիրութիւն, որ միաժամանակ լոյս կը սփռէ պատմութեան աղաւաղման ներկայ փորձերուն վրայ։

Hamazgayin Artsakh office
Hamazkayin Central