Լիդիա Մանթաշեանի Կալանքը Վերացուեցաւ (տեսանիւթ)

Հայաստան

Լիդիա Մանթաշեանը ազատ կ՝արձակուի։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը՝ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի նախահգահութեամբ՝ վերացուց անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը եւ որպէս խափանման միջոց կիրառեց վարչական հսկողութիւնը՝ համացկուած գրաւով։ Գրաւի չափ սահմանուեցաւ 2,500,000 ՀՀ դրամը։ 

Յիշեցնենք՝ Յունիս 20-ին, երբ նիկոլ փաշինեանը մեկնած էր հանդիպման թուրքիոյ նախագահին հետ, ոստիկանութեան ներքին զօրքերը գրաւած էին մայրաքաղաքը, եւ մօտ 80 քաղաքացի տարուած էին ոստիկանատուն։ ՔԿ-ն յայտարարած էր, որ անոնք չեն ներկայացուած նախաքննական մարմին, եւ որեւէ վարոյթ այդ պահուն չէր քննուեր։

Յունիս 24-ին, իշխանամերձ լրատուամիջոցներով տարածուեցաւ «յեղաշրջման պլանի» (ծրագրի, ԵՌԱԳՈՅՆ) մասին նիւթ, որուն տարածման անմիջականօրէն մասնակցեցան նիկոլ փաշինեանն ու ԱԺ նախագահ ալէն սիմոնեանը։