Արցախահայերը Անհատական Դիմումներով Պէտք է Դիմեն Միջազգային Ատեաններ. Փորձագէտ

Աշխարհ, Հայաստան

Միջազգային իրաւանց փորձագէտ Արա Ղազարեան յայտնած է, թէ միջազգային ատեաններէն Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած հայցերը յետ կանչելու որոշումը մեծ անորոշութիւն պիտի ստեղծէ՝ բացառութեամբ անոնց, որոնք առանց պետութեան վստահելու արդէն ներկայացուցած են կամ ներկայիս կը ներկայացնեն անհատական դիմումներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am-ը։

«Ահա թէ ինչու կը խրախուսենք արցախահայութեան, որ անհատական հայցեր ներկայացնեն միջազգային ատեաններուն, որովհետեւ Ուաշինկթընի համաձայնագրին մէջ իրենց վերաբերող խնդիրներու լուծման, գոյքային իրաւունքին կամ վերադառնալու իրաւունքին վերաբերող ո՛չ մէկ յղում կայ։ Եթէ երկկողմ համաձայնագիրը լուռ է այս հարցերուն մասին, ապա խնդիրը պէտք է կարգաւորել միջազգային պայմանադրութիւններով, որոնցմէ ամենաարդիւնաւէտը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Պայմանադրութիւնն է։ Անոնք, որոնք պիտի դիմեն կամ արդէն դիմած են անհատական կարգով, կրնան ակնկալել, որ պիտի ստանան իրաւական պաշտպանութիւն։ Իսկ անոնք, որոնք չեն դիմեր, պիտի մնան անորոշութեան մէջ, որովհետեւ յստակ չէ՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը երբեւէ այս հարցերը պիտի լուծե՞ն, թէ՞ ոչ»,- ըսած է ան։

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտը նշած է նաեւ, որ կան միջազգային դատարան դիմելու յատուկ ժամկէտներ եւ սկզբունքներ, որոնց համաձայն դիմումները կարելի չէ շատ ուշացնել։

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի նախաստորագրած համաձայնագրին մէջ կ՛ընդգրկուի հետեւեալ դրոյթը. «Համաձայնագիրն ուժի մէջ մտնելէն մէկ ամիս ետք, կողմերը պիտի յետ կանչեն բոլոր միջպետական դատական հայցերը, գանգատները, բողոքները, առարկութիւնները, վարոյթները եւ վէճերը, որոնք կը վերաբերին կողմերուն միջեւ մինչեւ համաձայնագրի ստորագրումը գոյութիւն ունեցած խնդիրներուն»։