Արցախը Որպէս Իրողութիւն Չընդունիլը Առնուազն Անբարոյականութիւն է․ Արա Պուլուզեան
Նոյեմբեր 13-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Անդրադարձ եղած է արցախեան խնդրի արդի արծարծումներուն եւ այդ ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներուն կազմակերպած քննարկումներուն ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ արտերկրի: Ըսել, թէ հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ ունինք մեծ ձեռքբերումներ, այնքան ալ ճիշդ չ՝ըլլար, բայց այն, որ նման քննարկումներու իբրեւ արդիւնք կը բարձրացուի արցախցիներուն՝ իրենց հայրենի տուները վերադառնալու, հայրենիքի մէջ անվտանգ ապրելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքի հարցը, արդէն իսկ ձեռքբերում է եւ կը վկայէ, որ Արցախի հարցը վերջնականապէս փակուած չէ՝ նկատած է Արա Պուլուզեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ կարելի էր արցախեան խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ աւելի մեծ եւ հիմնաւոր յաջողութիւններու հասնիլ, եթէ պետութիւնը ինքը որպէս շոգեքարշ լծուէր այդ աշխատանքներուն, Արա Պուլուզեան յուսադրող պատասխան չունի: Ըստ անոր՝ պետութիւնը, ի հարկէ, միջազգային ատեաններու մէջ իր ունեցած քաղաքական լծակներով շատ աւելին կրնար ընել, բայց ոչ այս պետութիւնը եւ ոչ արցախեան հարցով այսպիսի քաղաքականութիւն վարող իշխանութիւնը: «Մենք կ՝ուզենայինք, որ գոնէ չխանգարէին միջազգային կառոյցներու մղջ արցախահայութեան իրաւունքներու հետ կապուած հայանպաստ բանաձեւերու ընդունման, ինչպէս տեղի ունեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ»,- նշած է Արա Պուլուզեան:
Ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած արցախցիներու խնդիրներուն՝ կարեւոր համարելով Արցախի պետական կառոյցներու պահպանումը եւ անոնց գործունէութիւնը՝ տեղահանուած արցախցիներու համահաւաք կեանքի կազմակերպման գործին մէջ:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․
