
Տուն, Յոյս եւ Ապագայ․ ՀՕՄ-ը 10 Արցախցի Ընտանիքի Բնակարան Նուիրած է Շիրակի Մէջ
Հոկտեմբեր 16-ին, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ներկայացուցիչները այցելեցին Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի «Հեքիաթ» մսուր-մանկապարտէզ։ Այցի ընթացքին շուրջ 400 ՀՕՄ-ական ողջունեցին մանկապարտէզի սաները՝ բերելով ուրախութիւն, խաղեր եւ անակնկալներ։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ախուրեանի Բենիամին բնակավայր, ուր տեղի ունեցաւ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրին ծիրէն ներս կառուցուած 10 բնակարաններու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Բնակարանները Յանձնուեցան Արցախի տեղահանուած ընտանիքներուն՝ ապահովելով անոնց համար երկար սպասուած տանիք եւ նոր սկիզբ։
Արուսեակ Մելքոնեանի խօսքով՝ Հայ օգնութեան միութիւնը պիտի շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը՝ ուր հայ կայ, այնտեղ ալ ՀՕՄ-ը։
Մանրամասն՝ տեսանիւթով․