Մտահոգ Եմ, Աղօթք Կը Մրմնջեմ եւ Կը Սպասեմ Ժողովուրդի Ձայնին․ Վարուժան Արք․ Հերկելեան

Հայաստան, Սփիւռք

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան կը գրէ․

«Խոր վշտով կը հետեւիմ Հայրենիքի մէջ հոգեւոր առաջնորդներու, յատկապէս Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութեան եւ զայն կալանքի տակ պահելու որոշումին։ Վախկոտ, անարդարանալի եւ այպանելի որոշում, որ իշխող վարչակարգին վրայ կը դրոշմէ սեւ եւ անջնջելի խարան մը, իսկ կամակատար դատախազ տիկնոջ ճակտին կը զետեղէ ամօթալի աղուէսադրոշմ մը։

Վաղուց կը ճանչնամ Միքայէլ սրբազանը՝ համարձակախօս եւ բարձրաձայնող։ Երբեմն տարակածիք եղած ենք, սակայն կրնամ վկայել, որ Սրբազանը հաւատաւոր, հասուն, ժողովրդանուէր եւ անկեղծ անձնաւորութիւն մըն է եւ սիրուած առաջնորդ մը. իսկ իր դէմ եղած զրպարտութիւնները շինծու են, կեղծ եւ անհիմն։

Մտահոգ եմ, աղօթք կը մրմնջեմ եւ կը սպասեմ ժողովուրդի ձայնին»։