Հաստատագրերու Բաշխում` Գանատայի Հայոց Թեմի Դասընթացքներուն Մասնակցած Արցախցիներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 23-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ներկայութեամբ`Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներու համար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման

դասընթացք»-ի հաստատագրերու բաշխման արարողութիւնը «Արդեան» արուեստի կեդրոնէն ներս։

Կրթական վեցամսեայ այս տարուան ծրագիրը, որ կը կրէ «Զարգացրո՛ւ հմտութիւններդ, բացայայտի՛ր ինքդ քեզ» կարգախօսը, երկրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի համագործակցութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Երեւանի «Պիկ Մայնտ» ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Յակոբ Մաքտիսի հետ։

Հաստատագրերու բաշխման արարողութեան բացումը կատարեց Յակոբ Մաքտիս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր համագործակցութեան համար եւ յայտնեց, որ այս ծրագրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են աւելի քան հարիւր արցախցիներ, սակայն ընտրուած են 40 դիմորդները, որոնց համար անգլերէնի

անբաւարար իմացութիւնը խոչընդոտ է աշխատանքի ընթացքին հաղորդակցելու, կամ աւելի լաւ աշխատանք ձեռք բերելու համար։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Տէրունական աղօթքէն ետք իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց «Պիկ Մայնտ» կազմակերպութեան հիմնադիր Յակոբ Մաքտիսին այս համագործակցութեան համար, ապա ան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ծրագրին մասնակցող արցախցիներուն, ըսելով,- «Ուրախ եմ, որ կը մասնակցիք այս դասընթացքին՝ հարստացնելու ձեր լեզուամտածողութիւնն ու ընդլայնելու ձեր մտահորիզոնը, որովհետեւ որքան մենք մեզ հարստացնենք, մեզ լիցքաւորենք, կը կարենանք հարստացնել եւ զօրացնել նաեւ մեր շրջապատը։ Այսօր դուք այստեղ էք՝ Արցախէն հեռու, սակայն Արցախը կը կրէք ձեր մէջ եւ կրնաք այստե՛ղ Արցախ մը ստեղծել, սակայն վերադարձի ա՛յն յոյսով, զոր մենք բոլորս պէտք է ունենանք եւ երբեք չտկարանանք, չընկրկինք այդ ճանապարհին: Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին տարբեր տագնապներէ անցած է եւ չէ յուսահատած, չէ տկարացած եւ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով՝ դարձեալ ոստքի կանգնած է։ Նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ այսօր։

Երիտասարդութիւնը ազգի ապագան է, իսկ այդ ապագան կերտելու համար պէտք է նախ կերտենք մենք զմեզ՝ յարատեւ աշխատանքով եւ պայքարելով։ Ուժ եւ կորով, կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ ձեզի, ձեզմէ իւրաքանչիւրին երազը թող ի կատար ածուի եւ կարենաք հասնիլ այնտեղ ուր կ՛երազէք»։

Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս կարեւոր դասընթացքի կազմակերպման համար եւ իրենց առաջարկներն ու մտքերը փոխանցեցին Սրբազան Հօր։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ