
Իշխանութիւնը ՀՀ-ի Մէջ Կը Կառուցէ Բռնապետական Վարչակարգ, Ուր Դատարանները Իշխանութեան Ձեռքին Բութ Գործիք Են. ՀՅԴ ՀԳՄ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն՝ խստօրէն դատապարտելով Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը երկու տարուան ազատազրկման դատապարտելու անօրինական եւ խայտառակ որոշումը:
«Սա ոչ միայն հոգեւորականի դէմ իրականացուած հաշուէյարդար է, այլեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու, մեր ազգային ինքնութեան եւ քաղաքացիների ազատ արտայայտման իրաւունքի դէմ ուղղուած քաղաքական յարձակում։ Այս վճիռը եւս մէկ ապացոյց է, որ գործող իշխանութիւնը Հայաստանում կառուցում է բռնապետական վարչակարգ, որտեղ դատարանները վերածւում են իշխանութեան ձեռքին բութ գործիքի։
Վստահ ենք՝ հեռու չէ այս ամէնի համար պատասխան տալու ժամանակը»,- նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի տարածած յայտարարութեան մէջ: