
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ «Սերտենք Նոր Կտակարանը» Հատորին Հայերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը Կատարուեցաւ
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան համագործակցութեամբ լոյս տեսած «Սերտե՛նք Նոր Կտակարանը» հատորին շնորհահանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

Ձեռնարկին ներկայ էին միաբան հայրեր, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ոլորտի գործուն մարմիններ եւ Միացեալ եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան պաշտօնատարներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կիլիկեան Ուխտի երիտասարդ անդամ Հոգեշնորհ Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան։ Ձեռնարկին հերթաբար խօսք առին Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասուս, Միացեալ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ատրիէն Ուայթ, Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան հրատարակչական բաժինի պատասխանատու Անի Պապօղլանեան, հատորի թարգմանիչ Հայր Սարգիս, իսկ վերջապէս իր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը եզրափակեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Այս առիթով Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգեշնորհ Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեանի, ներկայացուց փունջ մը շարականներ։