Միջազգային «Ձաբռտուք»-ներու Դիմաց` Արցախ Աշխարհի «Ծիծաղ»-ը (2 Սեպտեմբեր 1991)․ Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խոստովանիլ է պէտք, որ մեր գործածած ձաբռտուք գոյականը կը վերաբերի մեծ, ուժեղ պետութիւններու եւ որոշիչ դերակատարութիւն ունեցող միջազգային կառոյցներու, որոնց բացայայտ, զազրելի, անմարդկային քաղաքական խաղերն ու զինուորական միջամտութիւնները աւերներ կը գործեն աշխարհով մէկ:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետապնդած աշխարհաքաղաքական նկրտումներն ու տնտեսական շահերը կ՛ապահովուին ժողովուրդներու եւ պետութիւններու հաշուոյն, որոնք չունին կայացած պետութիւն, մատնուած են քաոսային վիճակներու, ունին, կը դիմագրաւեն ցեղային խտրականութեան պատուհասը, կը տառապին ներքին հակամարտութիւններէ, պատերազմներէ, աւելի՛ն. անընդունակ են պետականակերտ գործընթացներու ու քաղաքական մտքի ճարտարութեան:

Երբեմն այդ ձաբռտուքները այնքան ծանր կը կշռեն ու քանդիչ հետեւանք կ՛ունենան, որ պատմական հայրենիքն անգամ կը չքանայ, կը կորսուի, ու այդ հողին վրայ ապրող հազարամեայ ժողովուրդի մը ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, նոյնիսկ` ենթակայ ցեղային զտումի, ահաբեկչութեան ու կոտորածի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ծիծաղ գոյականին, ատիկա կ՛առնչուի բացառապէս մեզի` հայ ժողովուրդին, որ, իր կարգին, մէկ կողմէ կ՛ապրի գոյութենական ճգնաժամ, եւ միւս կողմէ կը փորձէ դիմակայել բազմապիսի մարտահրաւէրներ` լաւատեսի, համբերատարի, հանդուրժողի եւ խաղաղասէրի իր ծարաւին յագուրդ տալով:

Ու այսպէս, ձաբռտուք-ծիծաղի ահաւոր խորապատկերին դիմաց, հայութիւնը կորսնցուց Արցախ հայրենիքը, որ ազատագրուած էր նահատակներու արեամբ եւ մեծ զոհողութեամբ ու դարձած` արդի ժամանակներու հայոց պայքարի ու յաղթանակի խորհրդանիշը, պարծանքը, բայց մանաւանդ` թուրք-ազերի հորդաներու դէմ կռուելու հաւաքական գիտակցութիւնը:

Փաստօրէն, հայ ազատամարտիկի բազուկին յաղթանակով կը կերտուէր նոր հայու դիմագիծը, կը կոփուէր նորահաս սերունդին կամքը, վճռակամութիւնը, որոնց շնորհիւ ազգը պիտի կարենար վերականգնիլ ու շարունակել համամարդկային իր երթն ու առաքելութիւնը: Այո՛, Արցախով ազգ մը ամբողջ պիտի հպարտանար, պիտի վերածնէր ու ցոյց տար ազգային արժանապատուութիւնն ու հաւատամքը:

Յայտնապէս այս հաւաքական գիտակցութեան յաջորդեցին պետականութիւն կերտելու եւ հայրենիքը կառուցելու վճիտ համոզումը: Իրօք, հաւաքական համոզում մը, որ շուտով պիտի կարենար համախմբել ազգը համակ, լծուելու` Հայաստանի կողքին ու անոր հետ միատեղ` Արցախ աշխարհի կառուցումին, բարեկարգումին, զարգացումին եւ հայօրէն ամրագրումին:

Երեսուն տարիները բաւարար եղան գէթ որոշակի յաջողութիւն ձեռք ձգելու եւ ամբողջ մարդկութեան ներկայանալու իբրեւ ազատասէր ու շինարար ժողովուրդ, որ գիտէ ազատագրել հայրենիքը եւ բարօր ապրիլ իր սեփական հողին վրայ:

Արցախի Հանրապետութեան հռչակագիրը, ներհայկական առումով` ազգային բացառիկ յառաջընթաց մը ըլլալով հանդերձ, անիկա նաեւ կը պարփակէր զգացական զեղումի եւ որոշակի չափազանցութեան տարրեր, որովհետեւ ներքին ու արտաքին ազդակները, միջազգային քաղաքականութիւնը այդքան ալ յուսադրիչ չէին, իսկ հայ քաղաքական մտքին կը պակսէր ճկունութիւն, շրջահայեացութիւն, ճարտարութիւն եւ ամէնէն էականը` աշխարհաքաղաքական քարտէսներու ընկալում եւ միջազգային շահերու յորձանուտին մէջ արթնամտութիւն ցուցաբերելու բարձր գիտակցութիւն:

Հայոց քաղաքական միտքը չունեցաւ այն հասունութիւնը, ինչ որ ունեցան հայ բազուկն ու զինուորական հմտութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան որ ֆետայական շարժումով սկիզբ առած էր արցախեան պայքարը, այդուհանդերձ շնորհիւ աննման տղաներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու կամքին ու հմտութեան, անոնք կրցան առասպելային յաղթանակներ ապահովել եւ ազատագրել Արցախ աշխարհը:

Փաստօրէն, Արցախի Հանրապետութեան միակողմանի յայտարարութեամբ ու այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տանելով հանդերձ, հայ քաղաքական միտքը ի Հայաստան ու Արցախ, չկրցաւ ըստ էութեան գնահատել աշխարհաքաղաքական մութ հաշուարկներն ու համայնակուլ ծրագիրները, այլապէս ալ օրուան ղեկավար դասը, իր բոլոր արտայայտութիւններով, յաղթանակի ազդեցութեան տակ գինովցած, լծուած էր թալանի, ապօրինի հարստացման, հայրենիքի ընդերքի իւրացման, փտածութեան եւ իշխանատենչութեան:

Ու այս բոլորը տեղի կ՛ունենային թաքուն հայեացքներուն տակ օտար ուժերու, որոնք, իրենց կարգին, ապշելով հայոց յաղթանակին տարողութենէն, լծուեցան լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքի` ներքնապէս ու արտաքնապէս քայքայելու հայոց ուժն ու դիմադրողականութիւնը:

Փաստօրէն, աղանդներու, սորոսականներու, լրտեսներու, միասեռականներու եւ երկիրներ քանդող սեւ ուժերու անարգել թափանցումը Հայաստան ու Արցախ, եւ միւս կողմէ, հայ էլիթայի խեղճութիւնը, անտարբերութիւնը, խաղքութիւնը, ստրուկի հոգեբանութիւնն ու անլուրջ մօտեցումները, երեսուն տարի ետք կրցան յաղթանակ արձանագրել եւ հայ ժողովուրդի կամքը թուլացնել, միտքը պղտորել եւ ներքնապէս պառակտել:

2020 թուականի սեպտեմբերեան յարձակումը լաւագոյն ապացոյցն է մութ ուժերու, ներառեալ թուրքի հետեւողական աշխատանքին, որով կրցան շրջել երեսուն տարուան գոյավիճակը եւ բռնագրաւել Արցախը, աւելի՛ն. անոնք յաջողեցան բռնաճնշումով, ահ ու սարսափ տարածելով` հայրենիքէն հեռացնել հայութիւնը, ցեղային զտումի, զէնքի ուժի եւ կոտորածի սպառնալիքներով եւ գործադրութեամբ տեղահան ընել արցախահայութիւնը:

Ճիշդ է, որ հայոց բանակը մարտնչեցաւ, տուաւ անգին ու աննման զոհեր, փորձ մը կատարեց վերատիրանալու հայրենիքին, բայց ի զուր, որովհետեւ թուրքը, ազերին եւ հակահայ ուժեր լաւապէս սերտած էին հայ ժողովուրդին ու անոր բաղադրիչներուն վիճակն ու կացութիւնը: Անոնք յաջողած էին գերազանցել` զինուժով, տնտեսապէս, պատրաստուածութեամբ եւ քաղաքական առաւելներ ձեռք ձգելով:

Հայութիւնը պարտուեցաւ իր գոյապայքարին մէջ, կորսնցուց Արցախը եւ դիմեց տարատեսակ քաղաքական արեւելումներու, որոնք նոյնքան պատուհաս եղան ու աւերներ գործեցին հայ պետական կարգ ու սարքին:

Իր ժողովուրդին ճակատագրով տառապող հայորդին կրնայ հարց տալ, ինչո՛ւ այս կացութեան մատնուեցաւ հայութիւնը, երբ բազմապիսի հարթակներէն կը լսուէր, որ «21-րդ դարը մերն է լինելու», «Յաղթելու ենք» եւ այլն:

Ինչո՛ւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այսօր մահաքունի մէջ է,  համանախագահները ծուարած իրենց շահերուն մէջ յորդորներ կը բաժնեն: Հելսինքեան սկզբունքներու առուծախ կ՛ըլլայ շուրջ բոլոր, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի մանրամասնութիւններ վաճառքի հանուած են, ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութիւն ապահովելու քարոզը անպակաս է, հակառակ որ թշնամին տիւ եւ գիշեր կը մտածէ բնաջնջել հայութիւնը, միջազգային երաշխիքներու հանդէսներ կը սարքուին` «մեծապատիւ» կառոյցներու մէջ, վերադարձի իրաւունքի եւ հողային ամբողջականութեան հարցը կ՛արծարծուի եղեր միջազգային սալոններու մէջ, անդին, թուրք-ազերի հորդաներ հայկական հետքն անգամ կ՛ոչնչացնեն` մշակութային գանձերը, կոթողներն ու գերեզմանները հիմնայատակ կործանելով:

Եթէ երբեք դաժան է հայութեան պատկերը, ի տես ներազգային գոյավիճակին, քաղաքական մտքի բոպիկութեան եւ վերապրելու կամքի թուլութեան, միւս կողմէ, սակայն, ականատես ենք հայ իշխանաւորներու նորովի քաղաքական արեւելումին, թուրքին հետ եղբայրանալու մարմաջին եւ խոր ցանկութեան:

Ըստ երեւոյթին, փոքր ու տկար ժողովուրդներու եւ պետութեանց ճակատագիրն է եղած ենթարկուիլ հզօրի կամքին, ծրագիրին ու պարտադրանքին:

Արդ, ինչո՛ւ կը զարմանայ ազգը, երբ միջազգային ոլորապտոյտ ձաբռտուքները կը յաջողին իրականացնել սեփական շահերը` քաջ գիտնալով հանդերձ հայութեան արդարացի պահանջներն ու իրաւունքը, պատմական իրողութիւնը:

Հաւանաբար Արցախի հողը, ջուրը, օդը եւ հազարամեայ բնութիւնը միակն են, որ լիահագագ կը ծիծաղին սեփական ժողովուրդին վրայ, ի տես անոր ընդարմացած եւ հոգելլկուած կամքին, ինքնախաբէութեան եւ քաղաքական մտքի խեղճութեան:

Արցախ աշխարհը կը ծիծաղի, որովհետեւ իր ընդերքին շաղախուած են հայու արիւնն ու քրտինքը, կամքն ու բազուկը, ու կերտած յաղթանակներու փայլքը, իսկ այսօր ան առանձին կը դիմակայէ բարբարոս թրքութիւնը:

Այո՛, կը ծիծաղի, որովհետեւ իր ժողովուրդը ուրացաւ իր հայրենիքը, պէս-պէս պատճառաբանութիւն հոլովելով, զիրար ամբաստանելով եւ պարտութեան կենացը խմելով:

2023-ին տեղահանուած վերջին հայորդին, հաւանաբար, իր վերջին նայուածքը ուղղեց հզօր արմատներ ունեցող «Պապիկ ու մամիկ» յուշակոթողին` յուսալով, որ օր մը պիտի վերադառնայ, այսօր, միայնակ այս կոթողը կը սպասէ իր ճակատագիրին…