
Կրօնական Ազատութեան Պաշտպանները ՀՀ-ին Կոչ Կ՝ընեն Դադրեցնելու Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումները
Christian Solidarity International-ն (CSI) իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք հանդէս կու գան կրօնական ազատութեան պաշտպանութեամբ, դիմած է Հայաստանի կառավարութեան՝ կոչ ընելով դադրեցնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իրականացուող հալածանքները։
Յայտարարութեան մէջ կազմակերպութիւնները եւ անհատները կը յայտնեն «խոր մտահոգութիւն՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր աջակիցներու դէմ ուժգնացող արշաւին առնչութեամբ»։ Ստորագրողներէն են Coptic Solidarity եւ SOS Chrétiens d’Orient հասարակական կազմակերպութիւնները։
«Վերջին շաբաթներուն ընթացքին մենք ականատես եղած ենք, ինչպէս ցոյց կու տան փաստերը, բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Եկեղեցւոյ յայտնի աջակիցներու կամայական ձերբակալութիւններուն, անոնց գոյքի բռնագանձման, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան միջամտութեան սրբավայրերու մէջ, ներառեալ՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ձերբակալուածներուն մէջ են՝ արքեպիսկոպոսներ Միքայէլ Աջապահեանն ու Բագրատ Գալստանեանը եւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանը կոչ ըրած է հեռացնելու Կաթողիկոսը եւ նոր Կաթողիկոս ընտրելու կառավարութեան կողմէ ձեւաւորուած յանձնաժողովին կողմէ։ Նման գործողութիւնը կը հակասէ Հայաստանի Սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածին, որ կ՝երաշխաւորէ եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանման սկզբունքը։
Յայտարարութեան մէջ կը հնչեցուին հետեւեալ պահանջները․
Անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Սամուէլ Կարապետեանը, որուն ձերբակալութիւնը չունի որեւէ իրաւական հիմք։
Ազատ արձակել արքեպիսկոպոսներ Միքայէլ Աջապահեանն ու Բագրատ Գալստանեանը, ինչպէս նաեւ ապահովել անոնց դէմ ներկայացուած մեղադրանքներու անկախ եւ թափանցիկ քննութիւնը։
Դադրեցնել ցանկացած միջամտութիւն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, ներառեալ՝ հոգեւորականներու վարկաբեկման եւ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը պետական մեքենականութիւններով փոխարինելու շարունակուող փորձերը։
Դադրեցնել տնտեսական ճնշման բոլոր ձեւերը, ներառեալ՝ քաղաքական դրդապատճառներով իրականացուող գոյքի բռնագրաւումը, վարչական հետապնդումները եւ խաղաղ հանրային պաշտպանութեան գործունէութեան գրաքննութիւնը։
Վերականգնել դատական իշխանութեան անկախութիւնը՝ ապահովելու համար, որ Հայաստանի դատարանները այլեւս չծառայեն որպէս քաղաքական հետապնդման կամ գործադիր վերահսկողութեան գործիք։
«Խղճի, հաւատքի եւ օրինական ընդդիմութեան դրսեւորումները պէտք չէ դառնան պատժելի որեւէ երկրի մէջ, որ ինքզինք կը համարէ հաւատարիմ ժողովրդավարական արժէքներուն»։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/21/296558