Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինը Կը Դատապարտէ Յարձակում ու Բռնութիւն Հրահրելու Փաշինեանի Փորձը

Հայաստան, Սփիւռք

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Յուլիս 20-ին հրապարակայնօրէն յայտարարած է իր հետեւորդներուն հետ Վաղարշապատ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու եւ Մայր Աթոռի նկատմամբ հերթական ոտնձգութիւնը նախաձեռնելու մասին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ յարձակում ու բռնութիւն հրահրելու այս փորձը, որ բացայայտ միջամտութիւն է Հայոց Եկեղեցւոյ կեանքին եւ անոր ինքնակառավարման։

Կը յորդորենք իշխող քաղաքական ուժին դադրեցնել հակաեկեղեցական, անօրինական արշաւը եւ լծուիլ երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն հիմնախնդիրներու յաղթահարման։ Միաժամանակ կը դիմենք պետութեան իրաւասու մարմիններուն եւ պաշտօնեաներուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ օրինական միջոցները՝ կանխարգիլելու հակաօրինական այս միջոցառումը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բարձրօրէն կը գնահատէ բարեպաշտ մեր ժողովուրդի սէրն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ Մայր Եկեղեցւոյ եւ նախանձախնդրութիւնը՝ պաշտպանելու համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնն ու մեր նուիրական սրբութիւնները։ Կոչ կ՝ընենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն չտրուելու իշխանութիւններու սադրանքներուն, պահպանելու զգօնութիւնն ու ողջախոհութիւնը եւ հաւատով ու աղօթական ոգիով համախմբուելու առկայ փորձութիւններու դիմագրաւման համար։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ