Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Իր Համերաշխութիւնը Յայտնեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ վերջերս ծաւալած իրադարձութիւններուն, որոնց կարգին «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իրաւապահներուն ձեռնարկած գործողութիւններուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններուն մասին տեղեկութիւններուն առիթով», կ՛ըսուի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ճերի Փիլէյի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը համերաշխ է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ, որուն պատմական եւ հաստատուն դերակատարութիւնը նպաստած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին եւ դիմադրողականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական միասնութեան հաստատման», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Փիլէյ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ «երաշխաւորելու բոլոր կրօնական առաջնորդներուն եւ հաստատութիւններուն ապահովութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ օրինական իրաւունքները, զերծ մնալու այն գործողութիւններէն կամ յայտարարութիւններէն, որոնք կրնան դիտուիլ իբրեւ կրօնական կառոյցները թիրախ դարձնելու կամ անոնց հանդէպ հանրային թշնամութիւն հրահրելու արարք»: