Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը․ Պօղոս Տօնիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայերս միշտ կը հպարտանանք այն ազգային դերակատարութեամբ, որ մեր եկեղեցին ունեցած է մեր պատմութեան ընթացքին: Առաւել եւս` այն դարերուն, երբ հայ ժողովուրդը նոր էր ընդունած քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: Այդ շրջանին սահակպարթեւներ եւ արքաներ ներգրաւուած էին պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ կանոնակարգման մէջ:

Սակայն երբ կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը, եկեղեցին մնաց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ որոշ չափով նաեւ աշխարհիկ իշխանութիւն: Ահաւասիկ, զարմանալի չէր, որ օսմանեան ժամանակաշրջանին պետութիւնը ճանչցաւ մեր եկեղեցին` իբրեւ «պետութիւն պետութեան մէջ»: Իսկ 1863 թուականին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ վաւերացուած Ազգային սահմանադրութիւնը օրինական կառոյց մը ստեղծեց հայկական «միլլէթին» հոգեւոր, քաղաքական եւ քաղաքացիական կեանքը կանոնաւորելու համար:

Ցեղասպանութենէն ետք, Կիլիկիոյ թագաւորութեան կամ Արեւմտահայաստանի կորուստին պատճառով, քաղաքական իշխանութեանց չգոյութեամբ, եկեղեցին դարձաւ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային «իշխանութիւն»` մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի զաւակներուն:

Անդրադառնալով ներկային` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը երկու յօդուածով կը նշէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դիրքը.

Յօդուած 17.- Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները`

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:

2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:

Յօդուած 18.- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին`

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու, բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակույթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:

Այս սահմանադրական օրէնքներու հաստատումէն ետք, կը տեսնենք, թէ որքա՛ն կարեւոր տեղ եւ դեր ունի մեր եկեղեցին մեր պետութեան կազմաւորման մէջ: Սակայն վերջին տարիներուն կարծէք այս օրէնքները պարզապէս անգործադրելի մնացած ըլլալու են հայրենիքի սահմանադրութեան գիրքին մէջ:

Այս իրողութիւնը կը տեսնենք ներկայ իշխանութիւններու կողմէ կատարուած անօրինական քայլերուն մէջ, ինչպէս` եկեղեցականներու դէմ շինծու ամբաստանութիւնները, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան դասագիրքերու վերացումը ուսումնական հաստատութիւններէն:

Այս զարգացումները խաթարեցին պետութիւն-եկեղեցի բնականոն յարաբերութիւնները եւ հայրենիքի կեանքին մէջ ստեղծեցին անհանգիստ մթնոլորտ մը:

Մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, չենք կրնար անտարբեր մնալ այս բոլորին հանդէպ, որովհետեւ լաւ գիտենք եկեղեցւոյ դերը մեր պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` պետութեան մը ներկայութիւնը եւ յատկապէս անոր հզօրացումն ու բարգաւաճումը մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

Երբ վերջին օրերուն գումարուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, կաթողիկոսութիւնը հինգ կէտերով ամփոփեց իր դիրքորոշումը.

Ա) Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համապատասխան կէտերը ճշդած են հիմնադրոյթներ, որոնք հիմնականին մէջ կը սահմանեն անոնց անջատ ըլլալը, հետեւաբար նաեւ` եկեղեցւոյ անկախութիւնը: Սահմանադրութեան կը հակասէ նման միջամտութիւններ կատարելով հարցերու արծարծումը:

Բ) Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու վերաբերող հարցերը կը քննուին եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն: Արդ, եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու առնչուած հարցերու գծով միջամտելու որեւէ իրաւական հիմք չունի պետութիւնը:

Գ) Խստօրէն դատապարտելի է եկեղեցական հարցերուն հրապարակային քննարկման համար օգտագործուած ոճը:

Դ) Հայրենիքին դիմագրաւած գոյաբանական խնդիրներուն ու անոր անվտանգութեան սպառնացող իրավիճակին դիմաց, անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած աշխատիլ հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգներու դիմակայման ընդառաջ` մերժելով նման բաժանարար ու պառակտիչ փորձեր:

Ե) «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» սկզբունքէն մեկնած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս կը զօրակցի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան` մերժելով անոր դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն»:

Ներկայ իշխանութիւնները երկու հազարամեայ եկեղեցին հարուածելու փոխարէն` պէտք է զօրացնեն բանակը, արդիական զէնքեր ունենան եւ ապահովեն երկրի սահմաններու պաշտպանութիւնը:

Թող դադրեցնեն օտարամոլ, հայրենատեաց եւ աղանդաւոր շարժումները, որոնք սպառնալիք են հայրենիքի ապահովութեան, հաւատքի ամրապնդման եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

Զաւարեանական