«Վեհարանը Ազատելու» Վարչապետի Կոչը Յարձակում է Համայն Հայութեան Հոգեւոր Կեդրոնին Վրայ. Ռումանիոյ Թեմ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր-ազգային ինքնութեան ու գոյատեւման հենասիւներէն մէկը, այսօր կանգնած է աննախադէպ ճնշման եւ յարձակման առջեւ, որոնք մեզի կը յիշեցնեն Խորհրդային ժամանակներու բռնաճնշումները։ Վարչապետ նիկոլ փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան ոչ միայն կը պահանջէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարականը, այլեւ կոչ կ՝ընէ «ազատելու Վեհարանը», իրաւացիօրէն յառաջացուցած են խոր մտահոգութիւն թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն։

Նախ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ առաւել եւս աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ ընտրուած հոգեւոր առաջնորդն է։ Ամենայն Հայոց տիտղոսը արդէն կը խօսի ատոր մասին: Կաթողիկոսի ընտրութիւնը տեղի կ՝ունենայ Ազգային Եկեղեցական ժողովի ժամանակ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր թեմերու պատուիրակներուն մասնակցութեամբ։

Այսինքն՝ յստակ է, Ամենայն Հայոց Հայրապետի ընտրութիւնը չ՝իրականացուիր միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն կամ տեղական իշխանութեան քմահաճոյքով, այլ ընտրական գործընթացին կը մասնակցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու ներկայացուցիչները՝ հոգեւորականներ, ու աշխարհականներ, ինչը կը նշանակէ, որ Սփիւռքը ունի բացառիկ դեր ու մասնակցութիւն։

Այսինքն՝ Վեհափառը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս ապրող ամբողջ հայ ազգի Հայրապետն ու հոգեւոր առաջնորդն է։ Հետեւաբար, ՀՀ վարչապետի միանձնեայ կամ քաղաքական շահէ բխող պահանջը՝ Կաթողիկոսի հրաժարականի մասին, իրաւական հիմք չունի, իսկ բարոյական տեսակէտէ՝ անընդունելի եւ վիրաւորական է ողջ հայութեան հաւատքի եւ հոգեւոր արժանապատուութեան համար։

Պետութիւնը կրնայ ըլլալ աշխարհիկ, բայց հաւատքը, եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դուրս են քաղաքական ճնշումներու տրամաբանութենէն։

Կաթողիկոսը՝ որպէս ազգային միասնութեան խորհրդանիշ, իրաւունք ունի արձագանգելու համազգային նշանակութեան իրադարձութիւններուն եւ մասնակից ըլլալու ազգի եւ պետականութեան առաջ ծանրացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործընթացներուն։ Այդ իրաւունքը Վեհափառին վերապահուած է ոչ թէ վարչապետի թոյլտուութեամբ, այլ աշխարհասփիւռ հայութեան սպասումներով:

Գալով վարչապետի «Վեհարանը ազատելու» մասին կոչին, ըստ էութեան, ատիկա ուրիշ բան չէ, քան յարձակում համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին վրայ։ Վեհարանը՝ Սուրբ Էջմիածինը, ոչ միայն վարչական կառոյց է, այլ Սրբավայր, ուր կը պահուին մեր սրբազան ժառանգութիւնը, աւանդոյթներն ու հոգեւոր յիշողութիւնը։ Նման կոչերը վտանգաւոր են, քանի որ ուղիղ ճանապարհ են դէպի բախումներ, անկարգութիւններ, եւ անգամ՝ քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիք կրնան ըլլալ։

Նման յայտարարութիւններն ուղղակի կը սադրեն հասարակական պառակտում, կը խաթարեն պետութեան՝ եկեղեցիէն անջատ ըլլալու այդքան արծարծուած սկզբունքը եւ կը վերածուին ճնշման լծակի՝ ընդդէմ հաւատացեալ քաղաքացիներու։ Անոնք կը հակասեն ժողովրդավարութեան ու իրաւական պետութեան սկզբունքներուն:

Մենք խստօրէն կը դատապարտենք վարչապետին կոչը եւ մարդոց զանգուածային ուղղորդումը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ ատիկա կը դիտարկենք որպէս ուղիղ յարձակում մեր հոգեւոր ինքնութեան վրայ:

Մենք կը զգուշացնենք, որ նման քայլերը կրնան անդառնալի հետեւանքներ ունենալ հասարակական համերաշխութեան եւ ազգային միասնութեան վրայ։

ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ հակաեկեղեցական ու ապազգային գործընթացները չդադրեցնելու պարագային մենք Սփիւռքի մէջ պիտի ձեռնարկենք համապատասխան գործողութիւններ ու քայլեր:

Եւ ի վերջոյ, յարգելի իշխանութիւններ, չմոռնաք, որ Ճշմարիտ հաւատքի եւ Աստուծոյ Եկեղեցւոյ դէմ դուրս եկողներն ու մարտնչողները ի վերջոյ կը կործանուին՝ նետուելով պատմութեան աղբանոց: Ատիկա ուղղակի օրինաչափութիւն է:

Աստուած պահապան մեր Սուրբ Եկեղեցիին, մեր ազգին եւ մեր պետականութեան։

Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան

Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ

2019 թ.-էն` համատեղութեամբ Պուլկարիոյ հայոց թեմի Առաջնորդական տեղապահ:

2022 թ.-էն` համատեղութեամբ՝ Պալգանեան երկիրներու Հայրապետական Պատուիրակ։