ԵԽ Պատգամաւորները Դատապարտած են Արցախէն Հայերու Տեղահանումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եւրոպական խորհրդարանը Ապրիլ 3-ին իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած նիստ՝ միաժամանակ լրջագոյն ուշադրութիւն դարձնելով Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու բռնի տեղահանութեան։ Այս մասին կը յայտնէ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի հայկական ֆետերասիոնը։

Եւրոպացի պատգամաւորները համեմատական անցուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ վերջին տարիներու դէպքերուն միջեւ՝ նշելով, որ վերջին իրադարձութիւնները թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի՝ պատմական պատասխանատւութիւն չկրելու վտանգաւոր հետեւանքներն են։

«Ճանաչումն ու հաշտեցումը քաջութիւն կը պահանջեն անցեալը դիմակայելու եւ ապագան պատմական ճշմարտութեան վրայ կառուցելու համար։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր, երբ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել Լեռնային Ղարաբաղը՝ ազրպէյճանի վայրագութիւններուն հետեւանքով»,- նշած է ԵԺԿ խմբակցութենէն Միրիամ Լեքսմանը։

«Սոցիալիստներու եւ դեմոկրատներու յառաջադիմական դաշինք» խմբակցութենէն Եանիս Մանիադիսը պատմած է իր ընտանիքի ողբերգական փորձը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

«Յիշողութեան եւ ճանաչման բացակայութիւնը կը յանգեցնէ անցեալի կրկնութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի դէպքերը այսօրուան ցաւալի յիշեցումն են»,- ընդգծած է ան։

Նիստին ընթացքին պատգամաւորները վերահաստատած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ցեղական զտումները անթոյլատրելի են, եւ կոչ ըրած են ԵՄ-ին որդեգրելու սկզբունքային արտաքին քաղաքականութիւն, որ մարդու իրաւունքներն ու միջազգային իրաւունքը վեր պիտի դասէ քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն։