Եւրոպական Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Պիտի Քննարկէ Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցը
Եւրոպական խորհրդարանի՝ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստին ընթացքին պիտի գործադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած քննարկում մը։
Ըստ Պրիւքսէլի մէջ Armenpress.am-ի թղթակիցին՝ քննարկումը պիտի կատարուի 3 Ապրիլի նիստին ընթացքին:
Եւրոպական յանձնաժողովին անունով յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելի:
