ՄԱԿ Մարդու Իրաւունքներու Բարձր Յանձնակատարը Պահանջած է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերը Ազատ Արձակել

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու Բարձր յանձնակատարը պահանջած է ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն պահուող հայ անձերուն անյապաղ ազատ արձակումը: Այս մասին կը յաղորդեն Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան՝ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին կից մշտական ներկայացուցչութենէն։

Մարտ 3-ին, Ժընեւի մէջ ընթացող Մարդու իրաւունքներու Խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանի ընթացքին ներկայացուցած իր համապարփակ զեկոյցին մէջ, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլգըր Դիւրգ յատուկ անդրադարձած է ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն պահուող բոլոր անձերուն, ներառեալ հայերու հիմնախնդրին՝ նշելով,  որ «անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, եւ արդար դատավարութեան անոնց իրաւունքները պէտք է ամբողջութեամբ յարգուին»։

Բարձր յանձնակատարը ընդգծած է նաեւ, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք «պիտի յանգեցնեն ճշմարտութեան բացայայտման, ապաքինման եւ հաշտեցման գործընթացին», որուն յանձնակատարը պատրաստ է իր աջակցութիւնը բերելու։