
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Դատապարտած է Իսրայէլը եւ Իր Համերաշխութիւնը Յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը դատապարտած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարքարանին ունեցուածքը բռնագրաւելու Երուսաղէմի իշխանութիւններուն փորձը։ Այս մասին նշուած է ԵՀԽ-ի գլխաւոր քարտուղար, փրոֆէսըր Ճէրի Փիլայի յայտարարութեան մէջ։
«Կը դատապարտենք այս գործողութիւնը՝ որպէս կրօնական ազատութեան դէմ աղաղակող ոտնձգութիւն եւ Երուսաղէմի սրբավայրերու կառավարման պատմական իրաւագրի անհանգստացնող խախտում։ Դարեր շարունակ Հայոց պատրիարքարանը քրիստոնէական այլ հաստատութիւններու հետ միասին կը պահպանէ Սուրբ Երկրի ժառանգութիւնը՝ ծառայելով որպէս հաւատքի եւ արդարութեան փարոս»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Փիլայ ընդգծած է, որ պատրիարքարանին դէմ իրականացուող հարկադրական միջոցները ոչ միայն իրաւական եւ բարոյական ծաղրանք են, այլ նաեւ վտանգաւոր նախադէպ, որ կը սպառնայ Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական հաստատութիւններուն:
«Այս անխոհեմ գործողութիւնը Սուրբ քաղաքի քրիստոնէական համայնքներուն դէմ ուղղուած ճնշումներուն, հողային վէճերուն եւ ահաբեկման մեծ գործողութիւններուն մէկ մասն է, գործողութիւններ, որոնք ԵՀԽ-ն բազմիցս դատապարտած է: Մենք Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՝ընենք անյապաղ սառեցնելու օտարման ընթացակարգերը եւ պահպանելու Երուսաղէմի միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւագիրը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Գլխաւոր քարտուղարը նաեւ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան, ներառեալ կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդներուն, վճռական քայլեր ձեռնարկելու քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքները պաշտպանելու եւ պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի Սուրբ Երկիրը մնայ երկրպագութեան, խաղաղութեան եւ համակեցութեան վայր բոլորի համար:
«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը վերահաստատէ իր աննկուն յանձնառութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ: Մենք պիտի շարունակենք բարձրացնել մեր ձայնը` ի պաշտպանութիւն Սուրբ Երկրին մէջ բոլորի սուրբ ժառանգութեան եւ արժանապատւութեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարքարանը ահազանգած էր, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը փորձեն խլել հայոց եկեղեցւոյ պատկանող ունեցուածքը։ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը փորձէ բռնագանձել դարեր շարունակ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմին պատկանող գոյքը եւ աճուրդի հանել զայն՝ իբր թէ 1994 թուականէն ի վեր գոյացած համայնքային պարտքերուն դիմաց։