Նիկոլ Փաշինեանը Սփիւռքի Հետ Այլեւս Կը Յարաբերի Բացառապէս Անհատներու Հետ, Ան Աջակցութիւն Չունի․ Հրաչ Վարժապետեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ես Հայաստանէն դուրս ծնած եմ հակառակ իմ կամքին, որովհետեւ ունեցած եմ հայրենիքէս հեռացած մեծ մայր եւ մեծ հայր, անոնք ցեղասպանութեան ենթարկուած են ու ես անոնցմէ լսած եմ, թէ ինչ եղած է իրականութեան մէջ։ Ես Սփիւռքի մէջ եմ, որովհետեւ Ցեղասպանութիւն եղած է, մենք մեր կամքով չենք յայտնուած Սփիւռքի մէջ։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան։

«Իմ հօրական կողմս Էրզրումէն (Կարին, «ԵՌԱԳՈՅՆ») է, իսկ մայրական կողմը՝ Կիլիկիայէն, ես 2 կողմով Ցեղսպանութեան հետնորդ եմ ու բոլոր պատմութիւնները լսած եմ անոնցմէ եւ ոեւէ մէկը, ոեւէ Փաշինեան, չի կրնար այդ տրամաբանութիւնը եւ իրականութիւնը դուրս հանել։ Ես իրական պատմութիւնը գիտեմ իմ մեծ հօրմէս ու մեծ մօրմէս, ոչ թէ պատմաբաններէն։ Ի դէպ՝ պատմաբաններն ալ հաստատած են այդ պատմութիւնը»,- նշած է սփյուռքահայ գործիչը։

Վարժապետեանի գնահատմամբ՝ Ցեղասպանութեան շուրջ Փաշինեանի պնդումները ծիծաղելի են, որովհետեւ առաջին հերթին իր բարեկամ-պետութիւնները, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը խորհրդարաններու մակարդակով, անգամ ժխտման համար քրէական պատիժ կը նախատեսեն, ինչպէս Զուիցերիան։ 

«Զուիցերիոյ մէջ այդ յայտարարութիւնը ընելը պատահական չէր, այլ շատ մտածուած։ Նոյն այդ Զուիցերիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացուած է, ասիկա թրքահաճոյ քաղաքականութիւն է։ Այսօր աւելի քան 40 պետութիւն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կը նշանակէ Փաշինեանի համար այս ամէնը անիմաստ բաներ են։