
Մայր Աթոռի Մէջ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Կատարուեցաւ․ (լուսանկարներ)
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական կեդրոնէն:
Փետրուար 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տեառնընդառաջը40-օրեա մանուկ Յիսուսի
տաճարին ընծայման տօնը, որուն սկիզբը ազդարարուեցաւ Փետրուար 13-ի երեկոյեան:
Տէրունական տօնին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափորին ուղեկցութեամբ մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն:



