Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Աւարտած է Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագիրին Վաւերացումը. Դեսպան

Ֆրանսայի կառավարութիւնը աւարտած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրին վաւերացումը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Յուլիս 12-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լագոդ:
Դեսպանի խօսքով՝ այժմ խորհրդարանի կարգն է: Պատասխանելով երէկ Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպման մանրամասներուն վերաբերեալ հարցին՝ Լագոդ շեշտած է, որ Ֆրանսան մշտապէս մօտ պիտի ըլլայ Հայաստանին՝ ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, այնպէս ալ՝ ԵՄ-էն:
Դիւանագէտը յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է Փաշինեանի բարեփոխումներու քաղաքականութիւնը: «ԵՄ-ի հետ համաձայնագիրը նախատեսուած է խթանելու յարաբերութիւնները: Անիկա կ՝ընդգրկէ համագործակցութեան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ատիկա առաջնային նշանակութիւն ունի»,- ըսած է դեսպանը:
