
պաքուի Բանտին Մէջ Ռուբէն Վարդանեանը Աւելի Քան Երկու Օր Զրկած են Ջուրէ․ BBC
ազրպէյճանի կողմէ առեւանգուած եւ պաքուի բանտին մէջ ապօրինի պահուող Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը 2024 թուականի Ապրիլին յայտարարած էր հացադուլ։ Որպէս ատոր պատիժ, ըստ իր փաստաբաններուն, զինք տեղափոխած են պատժախուց։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, կը գրէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։
«Պատժախուցին մէջ լոյսը օրական 24 ժամ միացած ըլլալուն պատճառով՝ ան ունեցած է քունի ծանր պակաս եւ հիւծուածութիւն»,- նշուած է ամերիկացի փաստաբան Ճարէտ Կենսըրի յայտարարութեան մէջ, որուն վարձած է Վարդանեանի ընտանիքը (ազրպէյճանի իշխանութիւնները անոր երբեք թոյլ չեն տուած տեսակցիլ իր պաշտպանեալին):
— Բացի այդ, Ռուբէնին ստիպած են երկար ժամանակ կանգնած մնալ եւ երկու լրիւ օրէն աւելի զրկած են ջուրէ։ Աւելին, անոր զրկած են ներքնաշորն ու հագուստը լուալու, փոխելու հնարաւորութենէն, չեն տուած զուգարանի թուղթ, թոյլ չեն տուած գրել-կարդալ, զրկած են սպիտակեղէնէ, ան ստիպուած եղած է քնանալու կեղտոտ ներքնակի վրայ»։ Հացադուլը տեւած է 20 օր։
Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթը, յայտնած է, որ հայրը նամակներ կը գրէ եւ կ՝ուղարկէ, բայց անոնք երբեք չեն հասնիր իրենց հասցէատէրերուն։ Ընտանիքը, ըստ Դաւիթի, երբեմն կը յաջողի հեռախօսով խօսիլ անոր հետ կամ նամակներ ուղարկել Միջազգային Կարմիր խաչի միջոցով: «Դուրսէն» բժիշկներուն կ՝արգիլուի տեսակցիլ Վարդանեանի հետ, բացառութեամբ հացադուլի աւարտէն անմիջապէս ետք մէկ հետազօտութեան։