Ազատութիւն` Եղբարց Մերոց Գերելոց․ ՀԱՍԵ Արցախի Թեմ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀԱՍԵ Արցախի թեմը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր կ՝ըսուի․

«Մտահոգ սրտով կը հետեւինք ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներուն հանդէպ իրականացուող անարդար եւ շինծու դատական գործընթացներուն: պաքուի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ յստակ ուղղորդուող՝ մարդու հիմնարար իրաւունքներուն, գերիներու մասին միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներուն հակասող այս վարքագիծին հերթական ցուցիչը Յունուար 17-ին կատարուելիք եւ բացառապէս քաղաքական նպատակներ հետապնդող դատավարութիւնն է:

Մինչ օրս պետական մակարդակով գործադրուող ջանքերուն առայժմ տեսանելի անարդիւնաւէտութիւնը եւ ազրպէյճանական կողմի վճռականութիւնը կը ստիպեն մեզի ըլլալու աւելի վճռական ու միասնական՝ պաշտպանելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն արդար դատը: Անկախ մեր քաղաքական հայացքներէն, առարկայական վերաբերմունքէն ու համոզմունքներէն, պէտք է գիտակցինք, որ այսօր ԱՀ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ առհասարակ բոլոր պատանդները կը մեղադրուին գլխաւորապէս այն բանի համար, որ գործած են ի շահ Արցախի անկախութեան եւ հայկականութեան, իսկ այս մտացածին ու կեղծ դատավարութիւնը առաջին հերթին կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատւութիւնը:

Ուստի սիրելիներ, կը հրաւիրենք բոլորդ՝ աղօթելու եւ խնդրելու, որ ամենակարողն Աստուած մեր ազգի համար բանայ իր արդարութեան եւ գթութեան դռները, զօրացնէ գերութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները՝ յաղթահարելու դժուարին այս փորձութիւններն ու հալածանքները»: