ազրպէյճանը Հայաստանին Կ՝առաջարկէ Համագործակցիլ Արցախի Նախկին Ռազմական եւ Քաղաքական Ղեկավարներու Դէմ Քրէական Գործի Ծիրէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմինները հրաւիրած է համագործակցելու Արցախի՝ պաքուի մէջ կալանքի տակ գտնուող նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ քրէական գործով:

«Ղեկավարուելով սոյն քննչական գործի ծիրէն ներս կասկածուող բազմաթիւ անձերու, ինչպէս նաեւ վկաներու՝ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուելու լուրջ պատճառներով՝ ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմիններուն համագործակցութեան հրաւէր կ՝ընէ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը նաեւ յայտնած է, որ գրաւուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ քրէական գործը ուղարկուած է պաքուի զինուորական դատարան:

ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է գրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ին նկատմամբ: 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանի իրականացուցած զանգուածային ռազմական յարձակման հետեւանքով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են ու տարուած պաքու։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ իրականացնելու համար։

Այժմ պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին արտգործնախարար Դաւիթ Բաբայեանը, ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ ԶՈՒ շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը: