
Զուիցերիոյ Դաշնային Խորհուրդը Երկրի Կառավարութեան Կոչ Կ՝ընէ Նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ ազրպէյճանի Միջեւ Բաց Երկխօսութեան
Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատը) 96 կողմ, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ այսօր ընդունեց բանաձեւ, որ երկրի կառավարութեան կոչ կ՝ընէ հրաւիրելու միջազգային խաղաղութեան ֆորում՝ նպաստելու ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու միջեւ բաց երկխօսութեան միջազգային հսկողութեան ներքոյ՝ անոնց անվտանգութեան եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը քննարկելու համար:
Բանաձեւը պէտք է ներկայացուի խորհրդարանի վերին պալատին` Նահանգներու խորհուրդին, եւ անոր կողմէ ընդունուելու պարագային անիկա օրէնքի ուժ ստանայ:
Բանաձեւին հեղինակները կարեւոր կը համարեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը, քանի որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կարողութիւնները խիստ սահմանափակ են՝ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով։
«Զուիցերիան նախապէս քանի մը անգամ յաջողութեամբ հանդէս եկած է որպէս չէզոք միջնորդ միջազգային հակամարտութիւններու մէջ: Ազգային խորհուրդը 2024-ի Յունիսին Պիւրկենսդոգի մէջ հիւրընկալեց Ուգրանիոյ վերաբերեալ խաղաղութեան խորհրդաժողովը։ Զուիցերիան նաեւ արժէքաւոր ծառայութիւններ մատուցած է Հայաստանին. 2009-ի Հոկտեմբերին Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցան «Զիւրիխեան արձանագրութիւնները», որոնք ուղղուած էին երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ։
Խորհրդարանականները կը կարծեն, որ Զուիցերիոյ տնտեսական շահերէն կը բխի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը՝ հաշուի առնելով ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի սերտ համագործակցութիւնը․ «Ասիկա մասնաւորապէս կը ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներուն վերականգնումը։ Միջազգային խաղաղութեան համաժողովը կրնայ վճռական ներդրում ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, հնարաւորութիւն տալ տեղահանուածներու վերադարձին եւ ատով իսկ նպաստել ողջ տարածաշրջանի կայունացման»։