
Քեսապի Ապահովութեան Համար Այսօր Երկու Անցարգելներ Զետեղուեցան
Սիրելի’ քեսապցիներ,
Գիտակցելով որ ներկայ կացութեան մէջ յատկապէս մտահոգ էք անհատական եւ ձեր ընտանիքներուն ապահովութեան հարցով, ձեզի կը յայտնենք, որ Քեսապի եւ Սուրիոյ հայ եկեղեցական եւ ազգային պատկան մարմինները մօտէն կը հետեւին մեր իրավիճակին։
Մեր բոլորին ապահովութեան համար այսօր զետեղուեցան երկու անցարգելներ. մէկը՝ Տիւզաղաճէն Քեսապ մուտքին, սահմանադուռին մօտ, երկրորդը՝ ծովու կողմէն էքիզօլուգի մուտքին, Աճամի մէջ։
Ասկէ ետք պիտի արգիլուի որեւէ զինեալի մուտքը Քեսապ եւ յատուկ բարեացակամ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերուի քեսապցիներուս նկատմամբ։
Աստուած պահապան մեր բոլորին։
Հոգշ. Տ. Եսայի ԷօրտէքեանԳերապատիւ
Հ. Նարեկ Լուիսեան
Պատ. Շանթ Ակիշեան
17/12/ 2024Քեսապ